Բրիտանիոյ Թագուհին Խօսած Է Սկովտիոյ Անկախութեան Վերաբերող Հանրաքուէին Մասին

Էլիզապեթ Բ. թագուհին
«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին խօսած է Սկովտիոյ անկախութեան հարցին մասին:
Թագուհին յոյս յայտնած է, որ «մարդիկ շատ լաւ մտածեն ապագային մասին», երբ պիտի քուէարկեն հանրաքուէի ընթացքին:
Որոշ սկովտիացիներ թագուհիին խօսքերը մեկնաբանած են իբրեւ Բրիտանիոյ միասնականութեան կողմնակիցներու աջակցութիւն: Մեղադրանքներ հնչած են նաեւ Սկովտիոյ քաղաքական գործերուն միջամտելու վերաբերեալ:
Այդ կապակցութեամբ Կլասքոյի մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է «Պի.Պի.Սի.» ընկերութեան շէնքին դիմաց: Ցուցարարները լրատուամիջոցները մեղադրած են Բրիտանիոյ պահպանման վերաբերեալ ցուցաբերուած կողմնակալ վերաբերմունքին համար:
Սկովտիոյ անկախութեան հարցով հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 18 սեպտեմբերին: Հարցախոյզներու տուեալներով` անկախութեան կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն թիւը գրեթէ նոյնն է:

