Թուրքիա Մտադիր Է Ապահովական Գօտի Մը Ստեղծել Ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի

0916_Turkey-ISIS«Մայատին» կը հաղորդէ, որ թրքական պատկերասփիւռի կայաններ հաղորդած են, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ «Թրքական բանակը ապահովական գօտի ստեղծելու հաւանականութեան շուրջ ծրագիրներ կը պատրաստէ» ընդդէմ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի:

Էրտողան Քաթար իր այցելութենէն վերադարձին ընթացքին օդանաւին մէջ լրագրողներու յայտնած է, որ թրքական կառավարութիւնը պիտի սերտէ վերոնշեալ ծրագիրները եւ որոշէ, եթէ այդպիսի քայլ մը անհրաժեշտ է:

Թրքական նախագահութենէն աղբիւր մը հաստատած է, որ Էրտողան այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է, սակայն չէ ճշդած, թէ այդ գօտին ո՛ր շրջանին մէջ պիտի հաստատուի եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ փոխանցած:

Share this Article
CATEGORIES