Ուքրանիոյ Խորհրդարանը Յատուկ Կարգավիճակ Շնորհեց Տոնպասի Որոշ Շրջաններուն
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ խորհրդարանը երէկ գումարած իր նիստին ընթացքին յատուկ կարգավիճակ տրամադրած է Տոնեցք եւ Լուկանսք շրջաններու որոշ բնակավայրերուն:
Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի առաջարկած օրէնքին թեր քուէարկած են 450 երեսփոխաններէն 277-ը: Խորհրդարանը նաեւ որդեգրեց օրէնք մը, որ համաներում կը շնորհէ Տոնպասի մէջ զինուորական գործողութիւններու մասնակիցներուն: Այս օրէնքին ի նպաստ քուէարկած է 287 երեսփոխան, երբ պահանջուած նուազագոյն թիւը 226 էր: Տեղի ունեցած է փակ քուէարկութիւն:
Ուքրանիան Եւ Եւրոպական Միութիւնը
Վաւերացուցին Ընկերակցութեան
Համաձայնագիրը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փորոշենքօ երէկ ստորագրած է Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան մասին օրէնքը` անմիջապէս խորհրդարանին կողմէ վաւերացուելէն ետք: Եւրոպական խորհրդարանը իր կարգին երէկ վաւերացուցած է նշեալ համաձայնագիրը:
CATEGORIES Միջազգային

