Մուքպել Մինչեւ 31 Դեկտեմբեր Երկարաձգեց Զէնք Կրելու Արտօնագիրները

0916_samir-mokbelՓոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի որոշումով, 2014-ի զէնք կրելու արտօնագիրները երկարաձգուեցան մինչեւ 31 դեկտեմբեր, բացի Թրիփոլիի շրջանէն, ուր միայն ներկայ եւ նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու թիկնապահներուն  արտօնուած է զէնք կրել:

Միւս կողմէ, Մուքպել Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Իտալիոյ վերաբերող համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները, յատկապէս լիբանանեան բանակին մարզումներուն վերաբերող հարցեր:

Մորապեթօ Իտալիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնեց` լաւագոյն պայմաններով զինելու լիբանանեան բանակը:

Մուքպելի այցելեց նաեւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը, որուն ընկերակցեցաւ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:

Share this Article
CATEGORIES