Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Մերժէ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը

Համախմբումի նիստէն պահ մը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Նիստէն ետք համախմբումի անդամ, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ համախմբումը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` նկատել տալով, որ ինք կը փափաքէր որդեգրել ընտրական օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն մարմնաւորէր` պահպանելով երկրին սահմանադրութեամբ ճշդուած հաւասարութեան սկզբունքը:
Ժրայսաթի մաղթեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին առումով արձանագրուած դրական մթնոլորտը դարձեալ խուսանաւումի չենթարկուի որոշ քաղաքական ուժերու կողմէ:
Ժրայսաթի ընդգծեց, որ համախմբումի նախարարները երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի կազմութիւնը խոչընդոտելու յանցանքով մեղադրելը անտեղի է, որովհետեւ արդէն իսկ այդ խորհուրդը կազմելու շրջաբերականը օրինական ժամկէտին աւարտէն ետք հրապարակուած է:

