Տեղեկատուութեան Նախարարը Ընդունեց Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Վեր. Հայտոսթեան եւ Ժրէյժ

Վեր. Հայտոսթեան եւ Ժրէյժ

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը, որուն հետ քննարկեց երկրին կրթական մարզը, յատկապէս համալսարանական մարզը յուզող կարգ մը հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին վերաբերող հարցեր:

Վեր. Հայտոսթեան յայտնեց, որ այս առիթով Հայկազեան համալսարանը հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին պիտի կազմակերպէ բացման տօնակատարութիւն մը, որուն պիտի յաջորդեն շարք մը այլ ձեռնարկներ, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնեն համալսարանին առաքելութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES