Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ասիրին

Ասիրի եւ զօր. Քահուաժի
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան նպատակով Սէուտական Արաբիոյ առաջադրած նախաձեռնութիւնները:
Զօր. Քահուաժի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխաններ Խալետ Զահրամանի, Նիտալ Թոհմէի եւ Ուալիտ Սըքքարիէի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

