Ա. Նազարեան. «Ելեկտրական Հոսանքի Ընդհատման Պատճառը Սարակներուն Կողմէ Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Բռնագրաւումն Է»
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ շեշտեց, որ ելեկտրական հոսանքի ընդհատման պատճառը սարակներուն կողմէ ելեկտրականութեան ընկերութեան բռնագրաւումն է:
Այս պատճառով է, որ մայրաքաղաք Պէյրութի զանազան շրջանները մութի մատնուած են:
Ա. Նազարեան հաստատեց, որ նիւթական առումով, 37 օրէ ի վեր Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը ելեկտրական հոսանքի ծառայութեան գումարները չէ ապահոված, պաշտօնեաները կը պահանջեն իրենց ամսական աշխատավարձը, իսկ ելեկտրակայանները կարիքը ունին նորոգութեան:
Ան հաստատեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը այս ամիս ալ ապահոված է իր պաշտօնեաներուն ամսականը, սակայն ելեկտրակայաններուն մէջ կան լուրջ բարդութիւններ:
Պատասխանելով Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ իր յարաբերութեան մասին հարցումի մը` Ա. Նազարեան նշեց, որ իրենց միջեւ կապերը լաւ են:

