Երէկ Կէս Գիշերին Վերջ Գտաւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Թեկնածութիւն Առաջադրելու Ժամկէտը

0916_mashnouk_security_meetingԵրէկ կէս գիշերին վերջ գտաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելու ժամկէտը` առաջադրուած թեկնածութիւններուն թիւը հասցնելով 514-ի, որոնցմէ 35-ը` իգական սեռին պատկանող թեկնածուներ:

Երեսփոխանական գրեթէ բոլոր պլոքները, ինչպէս նաեւ անկախ թեկնածուներ իրենց թեկնածութիւնները առաջադրեցին:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կէս գիշերին ուղղուեցաւ նախարարութեան կեդրոն, ուրկէ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ թեկնածութիւնները առաջադրելու ժամկէտը աւարտած է` աւելցնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ երեսփոխանական ընտրութիւն պիտի կատարուի նաեւ Լիբանանէն դուրս` Աւստրալիոյ եւ Քուէյթի մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ 2900 արտերկրի լիբանանցիներ, որոնք իրենց անունը արձանագրած են, կրնան արտերկրէն մասնակցիլ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Մաշնուք նշեց, որ սկզբունքով ընտրութիւնները պիտի կատարուին 16 նոյեմբերին` 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

Ան հաստատեց, որ ընտրութիւնները կատարելու համար կարիքը կայ ներքին ապահովութեան ուժերու 21 հազար զինուորի, հետեւաբար եթէ այդ իմաստով քաղաքական որոշումը կայանայ, ապա ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է կատարելու ընտրութիւնները:

Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի գոյութեան` Մաշնուք ըսաւ, որ այդ խորհուրդը տակաւին չէ կազմուած, կառավարութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերուն պատճառով:

Միւս կողմէ, Մաշնուք օրուան ընթացքին նախագահեց Ապահովական կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ապահովական իմաստով երկրին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութիւնը:

Ներքին ապահովութեան ուժերն ու ընդհանուր ապահովութեան ուժերը հաստատեցին, որ երկրին մէջ կը տիրեն ապահովական աննպաստ պայմաններ, որոնց շրջագիծին մէջ կարելի չէ ընտրութիւն կատարել:

Իրենց կարգին, բանակը եւ ընդհանուր դատախազութիւնը հաստատեցին, որ կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES