Պըրրի Ընդունեց Ատուանը Եւ Փլամպլին

Ատուան եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ատուան շեշտեց, որ իրենք օրէնսդրական աշխատանքին կը զօրակցին:
Ան ընդգծեց, որ իրենց համար այս հանգրուանին պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը դարձած է անհրաժեշտութիւն:
Ատուան շեշտեց, որ օրէնսդրութեան այս իմաստով իրենք պատրաստ են ուղղուելու խորհրդարան:
Ատուան աւելցուց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ նախագահական ընտրութեան մասին ներկայացուած նախաձեռնութիւնը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները:

