Ապտել Լաթիֆ Տըրիան` Պաշտօնապէս Լիբանանի Միւֆթի

Շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան

Շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը հանրապետութեան միւֆթի հռչակեց, եւ պաշտօնական ձեռնարկի մը ընթացքին շէյխ Տըրիան ստանձնեց իր պաշտօնը` Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ:

Իր խօսքին մէջ, վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` շեշտելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ` ապահովելու համար իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիգ պիտի չխնայէ առեւանգուած զինուորները տուն վերադարձնելու առումով:

Իր կարգին, շէյխ Տըրիան յայտնեց, որ Լիբանանի հոգեւոր հաստատութիւնները հսկայ պատասխանատուութիւններ ունին` լիբանանցիները պաշտպանելու առումով:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը բարոյական ոճիրի հասած է այն աստիճան, որ խորհրդարանը անկարող է հաւաքուելու եւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու, հակառակ անոր որ խորհրդարանին հիմնական եւ առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է ընտրել երկրին հանրապետութեան նախագահը, որ արաբական աշխարհի միակ քրիստոնեայ նախագահն է:

Շէյխ Տըրիան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը անզօր է առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու այնպիսի զինեալներէ, որոնք յանդգնութիւնը ունեցած են գլխատելու անոնցմէ ոմանք:

Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց, որ այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ պետութիւնը անտեսուած է, եւ պետութեան հեղինակութիւնն ու մարդ արարածին արժէքը անկարեւոր նկատուած են:

Ան ընդգծեց Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Այս առիթով Լիբանան ժամանած Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սլէյման պըն Ապտալլա պըն Ապի Խէյր զօրակցութիւն յայտնեց շէյխ Տըրիանի` հաստատելով, որ իրենք պատրաստակամ են գործակցելու` վերջ տալու համար փտածութեան:

Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալլամ շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի փոխըմբռնումի` աւելցնելով, որ ինք կարիքը ունի բարեկարգումի նախաձեռնութիւններու:

Շիիներուն գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց ապազինելու բոլոր լիբանանցիները, որպէսզի զէնքի միակ պատասխանատուն ըլլայ լիբանանեան պետութիւնն ու բանակը:

«Մենք բոլորս պէտք է ուղղուինք Արսալ` ազատ արձակելու առեւանգուած լիբանանցի զինուորները», հաստատեց շէյխ Քապալան:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` լուծելու համար նախագահական ընտրութեան առումով տիրող բարդութիւնները:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ` Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը իր կարգին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան պահպանումը, որպէսզի Լիբանան կարենայ դիմադրել իր ինքնութեան սպառնացող եւ դերակատարութիւնն ու պատգամը խզող վտանգներուն:

Պաշտօնական ձեռնարկէն ետք ներկաները շնորհաւորեցին շէյխ Տըրիանը:

Share this Article
CATEGORIES