Օհանեան. «Բանակը Ներքաղաքական Իրադարձութիւններուն Չէ Միջամտած»
Հայաստանի ոչ իշխանական քառեակը «թէժ աշուն» կը խոստանայ, Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան կը հակադարձէ եւ կը սպառնայ «պաղ ցնցուղով», իսկ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կը հաւաստէ, որ բանակը բնաւ չէ մասնակցած ներքաղաքական խմորումներուն, եւ այժմ ալ, համապատասխան ցուցմունքի պարագային պատրաստ է իրականացնելու միայն կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութիւնը:
Լրագրողներուն հետ երէկ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ 2008-ի նախադէպէն ետք բանակը կրնա՞յ միջամտել քաղաքական իրադարձութիւններուն, Սէյրան Օհանեան ըսաւ. «Բանակը ներքաղաքական իրադարձութիւններուն չէ միջամտած: Բանակը կրնայ համապատասխան միջոցառումներ որդեգրել միայն ու միայն համապատասխան որոշումի եւ ցուցմունքի պարագային, այն ալ երկրի կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութիւնը իրականացնելու համար: 2008 թուականին բանակը չէ խառնուած»:
Միայն 4 օր առաջ ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ 2008-ին զինուորական ոստիկանութիւնը, որ պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումն է, յանձնարարութիւն կատարած է:
«1 մարտի մասնակցութիւնը եղած է այնքանով, որ զինուորական ոստիկանութիւնը կառավարութեան շէնքի պաշտպանութիւնը ստանձնած է», ըսած է Գասպարեան:

