Ուորլիք. «Ժամանակն Է, Որ Բանակցութիւնները Տարուին Այլ Մակարդակի Վրայ»

Ճէյմս Ուորլիք

Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, որ երկուշաբթի օր Ուաշինկթընէն հասած էր Երեւան, երէկ Երեւանի ամերիկեան դեսպանատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ արդէն ժամանակն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ բանակցութիւնները տարուին այլ մակարդակի մը վրայ:

Ան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որոնց հետ պիտի շարունակէ այն քննարկումը, որ սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Կալեսի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ: Ամերիկացի համանախագահը նաեւ տեղեկացուցած է, որ երկու շաբաթ ետք Նիւ Եորքի մէջ պիտի հանդիպի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն:

«Յոյս ունիմ, որ հայ ժողովուրդը գիտէ, որ մենք ինչ կ՛ուզենք այս հոլովոյթին ընդմէջէն: Շատ կարեւոր է, որ հայ ժողովուրդը տեղեակ ըլլայ մեր քննարկումներուն մասին: Անգամ մը եւս կը շեշտեմ, որ երկու երկիրներուն մէջ ալ հասարակութիւնները տեղեակ պէտք է ըլլան, թէ ի՛նչ կը կատարուի բանակցային հոլովոյթին մէջ», ըսաւ ան:

«Մենք կը մտահոգուինք զէնքի եւ զինամթերքի կուտակումին հարցով: Մենք կը մտահոգուինք շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերէն եւ կը հասկնանք, որ զինադադարը պէտք է յարգուի», աւելցուց ան:

Ամերիկացի դիւանագէտը ըսաւ, որ կը հասկնայ, թէ մարդիկ քիչ մը բարկացած են, որովհետեւ արդէն 24 տարի է, որ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: «Այն պատերազմը, որ տեղի ունեցաւ` շատ դաժան էր երկու երկիրներուն համար, եւ մենք չենք ուզեր, որ անիկա կրկնուի: Այդպիսի կարեւոր խնդիրի շուրջ բանակցութիւնները երբեք ալ դիւրին չեն, սակայն ինչպէս կը նշեմ, շատ լաւ պատուհան կայ հիմա», ըսաւ ան:

«ժամանակն է, որ բանակցութիւնները տարուին այլ մակարդակի մը վրայ, արդէն բաւարար չէ, որ նախագահները կամ արտաքին գործոց նախարարները երբեմն հանդիպին: Պէտք է ըլլայ պաշտօնական բանակցային հոլովոյթ, եւ ատիկա պէտք է կողմերը որոշեն, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ, եւ մենք պատրաստ ենք անոնց աջակցելու: Մենք չենք ուզեր նախանշել վերջնական արդիւնք, մենք կ՛ուզենք, որ ըլլայ հոլովոյթ մը, որ պիտի տանի դէպի հարցի լուծման», բացատրեց ան:

Ըստ Ուորլիքի, շատ կարեւոր է, որ երկու նախագահները հանդիպին եւ շարունակեն քննարկումները, որովհետեւ հարցին վերջնական լուծումը կրնայ միայն նախագահական մակարդակի վրայ ըլլալ եւ նախագահները պէտք է պատասխանատու ըլլան իրենց որոշումներուն նկատմամբ:

«Չկան այնպիսի հարցեր, զորս կարելի չէ քննարկել, մենք կ՛ուզենք, որ բոլոր հարցերն ալ քննարկուին նախագահներու եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակի վրայ: Մենք կ՛աշխատինք կողմերուն հետ, որպէսզի համաձայնութեան գանք այն վեց կէտերուն շուրջ, որոնք քննարկուեցան «Քառնըկի» հիմնադրամին մէջ: Հասկնալի է, որ դժուար է, սակայն պէտք է աշխատիլ այդ ուղղութեամբ», շեշտեց ան:

Ամերիկացի համանախագահը յայտնեց, որ երկու նախագահներն ալ միանշանակ պէտք է յարգեն զինադադարը եւ աշխատին, որպէսզի յուլիսի վերջաւորութեան եւ օգոստոսի սկիզբը տեղի ունեցած դէպքերը այլեւս չկրկնուին:

«Եթէ կ՛ուզենք հաստատուն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն ըլլայ, պէտք է հայերուն եւ ազրպէյճանցիներուն միջեւ վստահութիւն ըլլայ», ըսաւ ան:

Նալբանդեան – Ուորլիք Հանդիպում

Ուորլիք եւ Նալբանդեան

Ուորլիք եւ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցեր:

«Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Ուորլիք միտքեր փոխանակեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց  նախարարին նախաձեռնութեամբ 4 սեպտեմբերին Նիւփորթի մէջ  Հայաստանի եւ  Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման ընթացքին արծարծուած հարցերուն շուրջ», կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրը:

Զրուցակիցները նաեւ կարեւոր նկատեցին  Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպումը:

 

Share this Article
CATEGORIES