Մինասեան. «Համախոհութեան Միջոցով Իշխանութեան Պէտք Է Պարտադրել Փոփոխութիւններ` Ստանալով Երաշխիքներ»

Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան

Ժառանգութիւն կուսակցութեան կողմէ երէկ կազմակերպուած` «Սահմանադրական փոփոխութիւններ. թեր եւ դէմ» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, ներկայացնելով ՀՅԴ խմբակցութեան դիրքորոշումը սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ,  վերահաստատեց, որ ՀՅԴ-ն կողմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն` անոնց մէջ տեսնելով կառավարման ձեւի փոփոխութիւն, եւ այդ մէկը ոչ թէ իրավիճակային մօտեցում է, այլ տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած ՀՅԴ-ի համոզումը: Արծուիկ Մինասեան կառավարման խորհրդարանական համակարգի թերութիւնները մատնանշողներուն պատասխանեց յայտնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23 տարիներուն ընթացքին կառավարման կիսանախագահական ձեւի ժամանակ ձեւաւորուած են բոլոր բացասական երեւոյթները:

«Ոչ ոք սին յոյսեր կը փայփայէ, թէ կառավարման ձեւը փոխելով, մէկ անգամէն բոլոր թերութիւնները կը վերանան, բայց ակնյայտ է նաեւ, որ ներկայ կառավարման ձեւը իր հիմքին մէջ դրած է երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր բացասական երեւոյթները ամրապնդելու սկզբունքը: Ներկայիս կառավարման ձեւը իշխանութեան գերկեդրոնացում կը պարտադրէ, գերանձնաւորուած նախագահի հիմնարկ, որ ստեղծած է վիճակ մը, երբ փաստացի  իշխանութեան բոլոր ճիւղերը զրկուած են ինքնուրոյնութեան աստիճանէն: Նոյնիսկ` եթէ տեղի ունենայ տարբեր ուժերու վերադասաւորում, ատիկա կրկին պիտի առաջնորդէ ճգնաժամի», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերը պէտք չէ ձգեն, որ երկիրը յայտնուի ճգնաժամի մէջ, որպէսզի ետքը անցնին սահմանադրական փոփոխութիւններու:

Մինասեան նաեւ անդրադարձաւ այսօրուան   դատական համակարգի անկախ չըլլալու փաստին, եւ որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն կարեւոր հարցերէն մէկն է անկախ եւ ինքնուրոյն դատական համակարգի ձեւաւորումը: Ըստ պատգամաւորին, Հայաստանի քաղաքացիներու իրաւունքներու ոտնակոխման  պատճառներէն մէկը այն է, որ այդ դրոյթներուն մեծ մասը կը կրէ հռչակագրային բնոյթ, եւ չկան մեքանիզմներ: Իրաւունքի գերակայութեան մեքանիզմի մասին կը խօսուի, բայց անոր մեքանիզմը չկայ, չկայ մասնակցային ժողովրդավարութեան մեքանիզմ: «Բազմաթիւ շարժումներ, որոնց ակնառու դրսեւորումը «Դէմ եմ»  շարժումն է, կրցան որոշ  յաջողութիւններ արձանագրել: Բայց ինչո՞ւ զարգացում տեղի չունեցաւ, ինչո՞ւ կենսաթոշակային բարեփոխման հարցը չդրուեցաւ հանրաքուէի, որովհետեւ սահմանադրութիւնը զրկած էր բոլոր այդ կարելիութիւններէն, որպէսզի քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները կարելիութիւն ունենան պահանջելու եւ գործադրելու իրենց իրաւունքները», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան: «Ի՞նչը կ՛ուզենք փոխել եւ ինչպէ՞ս», հարցուց ան` պատասխանելով, որ առաջինը ընտրական համակարգն է, անկախ ընտրական մարմինի գոյութիւնը, առանց որուն չկան երաշխիքներ ազատ, արդար ընտրութիւններու հարցին մէջ, երկրորդը` ընդդիմութեան դերակատարութեան մեծացումն է: «Այո՛, անհրաժեշտ են սահմանադրական փոփոխութիւններ, այո՛ անհրաժեշտ է, որ մենք ձեւաւորենք, համախոհութեան հիման վրայ, այն փոփոխութիւններու ծրարը, որ պէտք է այսօրուան իշխանութեան պայմաններուն մէջ պարտադրենք եւ ստանանք երաշխիքներ: Ասիկա է պայքարի միակ ձեւը, ասիկա է երկիրը յառաջ տանելու միակ կարելիութիւնը, ասիկա ըսած ենք տարբեր ժամանակներուն, ասիկա կ՛ըսենք հիմա, եւ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մենք ճիշդ ենք: Գոնէ անգամ մը լսեցէք 124-ամեայ կուսակցութիւնը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:

Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան իր կարգին խօսք առնելով  վերահաստատեց ՀՅԴ խմբակցութեան  տարիներ շարունակ յայտարարած այն դիրքորոշումը, որ ներկայ կառավարման համակարգը  չի նպաստեր երկրին զարգացման: Ըստ անոր, մենք անունով այսօր ունինք կիսանախագահական համակարգ, իրականութեան մէջ ունինք գերնախագահական համակարգ, ուր չափազանց կեդրոնացած է իշխանութիւնը, ուր քաղաքական մեծամասնութիւնը եւ նախագահը նոյն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ են: Ինչ կը վերաբերի միւս տարբերակին, երբ նախագահը մեծամասնութենէն չէ, անոր բեմագրութիւնները ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի են, եւ անիկա ոչ մէկ լաւ տեղ կը տանի:

«Երեւակայեցէ՛ք այսօր հանրապետութեան նախագահը ըլլար Րաֆֆի Յովհաննիսեանը, շաբաթ մը ետք երկիրը պիտի երթար բոլորովին այլ տեղ», ըսաւ Աղուան Վարդանեան:   Պատասխանելով այն փաստին, թէ այս իշխանութիւնները շատ վատ են, վստահութիւն չունին, իրաւունք չունին բարեփոխումներ ընելու, Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ այս կիսանախագահական  համակարգը առաւելագոյնս յարմարեցուած է իշխանութեան վերարտադրման համար, անոր օրինակները բազմաթիւ են: Ըստ պատգամաւորին, վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն համամասնական քուէներու 75 առ հարիւրէն աւելին տարած են երկու քաղաքական ուժեր, որոնք օգտագործած  են վարչական աղբիւրները եւ ելեւմտական միջոցները, ուրեմն` ո՞վ պիտի տայ այդ երաշխիքը, որ այս ընտրութիւններուն պարագային, այս համակարգի պարագային իշխանութիւնները պիտի չվերարտադրուին: «Եթէ դուն կը մտածես, որ այս իշխանութիւնները այնքան վատ են, որ անոնց ոչ մէկ բան պէտք է  թոյլ տալ, ուրեմն կը յայտարարես  թշնամի եւ կը վերաբերիս թշնամիի պէս, այսինքն` կ՛ոչնչացնես: Կա՞յ նման մտադրութիւն, եկէք  բացայայտ խօսինք: Ո՞րն է նպատակը` 18 թուականի ընտրութիւննե՞րը, թէ՞ այլ բան կայ, բաց խօսինք», ըսաւ Ա. Վարդանեան:

Ըստ պատգամաւորին, իրենց  առաջարկած սահմանադրական փոփոխութիւններու տարբերակը  պիտի նուազեցնէ իշխանութեան  վերարտադրման կարելիութիւնը, իշխանութիւնը պիտի ապակեդրոնացուի` ընթանալով դէպի աւելի  թափանցիկ որոշումներու կայացում:

Անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւնները մերժող ուժերու մէկ փաստին եւս, այն է` թող հասարակութիւնը որոշէ, թող ժողովուրդը որոշէ, Ա. Վարդանեան ըսաւ. «Յարգելի՛ գործընկերներ, քաղաքական որոշումները կու տան քաղաքական ուժերը, քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները, եւ պէտք չէ պահուըտիլ հանրութեան կամ ժողովուրդի անուան տակ: Կա՛մ պէտք է հանրութեան յստակ ըսել մեր նպատակներուն  մասին, կա՛մ պէտք է ըսել, որ մենք կրկին խուսանաւումի պիտի ենթարկենք հանրութիւնը: Սահմանադրական բարեփոխումները կարելի է ընել այնպէս, որ երկիրը իսկապէս շնչէ, իսկ անոր համար անհրաժեշտ է, որ քաղաքական ուժերը կարելի եղածին չափ սերտ աշխատին, ստեղծեն իրենց միասնական ծրարը եւ դնեն իշխանութիւններուն առջեւ: Կ՛ընենք ասիկա, ուրեմն կը պարտադրենք իշխանութիւններուն փոփոխութիւններ կատարել, չենք ըներ, իշխանութիւնը լաւ ալ կը վերարտադրուի, եւ ատիկա կ՛ըլլայ մեր աջակցութիւնը այս վատ իշխանութիւններուն»:

 

Share this Article
CATEGORIES