Խաչատուրով Վիսպատենի Մէջ Համաժողովի Կը Մասնակցի
Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատար Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 16-17 սեպտեմբերին Գերմանիոյ Վիսպատեն քաղաքին մէջ կը մասնակցի եւրոպական երկիրներու ցամաքային ուժերու հրամանատարներու տարեկան համաժողովին:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, համաժողովին, որ կը կայանայ Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժերու հրամանատարութեան հովանաւորութեամբ, կը մասնակցի աւելի քան 40 պետութեան ներկայացուցիչ:
«Ցամաքային ուժեր-2020» խորագիրով համաժողովին նպատակն է միջազգային ճգնաժամերուն արձագանգելու հարցերուն մէջ զինեալ ուժերու ներգրաւուածութեան եւ պատրաստականութեան շուրջ կարծիքներու փոխանակումը` ի նպաստ փոխըմբռնման բարձրացման, համագործակցութեան զարգացման եւ շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:

