Օզպիլիս Յաջող Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ Հռոմի Մէջ

0916_ozbilisՀայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի միջնապահ Արազ Օզպիլիս Հռոմի մէջ (Իտալիա) ծունկի վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` իր այս տեղեկութիւնը քաղելով ռուսական ակումբին պաշտօնական կայքէն:

«Ասիկա նախապէս ծրագրուած վիրաբուժութեան երկրորդ հանգրուանն էր: Վիրաբուժութիւնը, որ կատարեց բժիշկ Մարիանին, անցաւ շատ յաջող», յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:

Նշուեցաւ նաեւ, որ սեպտեմբերի վերջը Օզպիլիս կը վերադառնայ Մոսկուա, ուր կը շարունակէ վերականգնումի հանգրուանը:

Վիրաբուժութենէն ետք Օզպիլիս կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Շնորհակալութիւն` բժիշկ Մարիանիին, այս բարեյաջող վիրաբուժութեան համար: Այսօր կը սկսի մեծ ճամբայ մը, եւ ես կը վերադառնամ աւելի զօրացած:

Շնորհակալութիւն բոլորին` վերջին դժուարին ամիսներուն համար ինծի աջակցելու համար»:

Share this Article
CATEGORIES