50 Տարի Առաջ (18 Սեպտեմբեր 1964)
Կիլիկեան Աթոռը
Երկու Դէտերով Կը Մասնակցի
Վատիկան Բ. Տիեզերական Ժողովին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք 15 սեպտեմբեր թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Վատիկանի Տիեզերական Բ. ժողովի Գ. նստաշրջանը բացուեցաւ 14 սեպտեմբեր 1964, երկուշաբթի, Վատիկանի մէջ :
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս Գ. նստաշրջանին եւս պաշտօնապէս հրաւիրուած էր իր դէտերը ղրկելու:
Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետին կարգադրութեամբ, այս Գ. նստաշրջանին առաջին մասին (14 սեպտեմբեր-15 հոկտեմբեր) որպէս դէտ պիտի մասնակցի հարաւային Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ Արտաւազդ եպիսկոպոս, իսկ երկրորդ մասին (15 սեպտեմբեր-20 նոյեմբեր) որպէս դէտ պիտի մասնակցի դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:
Երգիծանքը
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Գեղարուեստական խումբ մը շրջապտոյտի կ՛ելլէ Մոսկուայէն ու կը հասնի գիւղ մը: Խումբին վարիչը կուսակցութեան կոմիտէի քարտուղարին կը ներկայանայ ու կ՛ըսէ.
– Եկայ ձեզի ըսելու, թէ երգահանդէս մը պիտի տանք ձեր ակումբին մէջ:
– Ի՞նչ յայտագիր ունիք,- կը հարցնէ քարտուղարը:
Խմբավարը կը զարմանայ այս հարցումէն: Այսուհանդերձ, կ՛ըսէ.
– Երգեր կ՛երգենք:
– Շա՞տ լաւ: Բայց ի՞նչ կ՛երգէք: Ձայները պասօ՞ են, թէ թենոր:
– Պա՛սօ:
– Այն ատեն կարելի չէ: Մեր ակումբի պատերը հաստատուն չեն եւ անմիջապէս պիտի փլին:
– Պարողներ ալ ունինք,- կ՛ըսէ խումբին ղեկավարը:
Լա՛ւ,- կը պատասխանէ քարտուղարը:,- Միայն թէ պէտք է մեղմ վալսեր պարեն, որովհետեւ ակումբին տախտակամածը բաւական հաստատուն չէ ու ժողովրդական պարերու պիտի չտոկայ:
Խմբավարը կը զարմանայ եւ կ՛ըսէ.
– Ամէն պարագայի մէջ, շնորհակալ եմ ձեր տուած տեղեկութեանց համար: Սակայն ձեր ակումբին մէջ հաստատուն ու անշարժ բան մը կա՞յ:
– Ա՜հ, այո,- կը գոչէ քարտուղարը: – Ակումբ ունենալու գիւղացիներուն կամքը կայ:
***
Հունգարիոյ վարչապետ Եանոս Կատար կառավարութեան ու կուսակցութեան ղեկավար դէմքերու, որոնց մէջ նաեւ` Եորկի Մարոզան, նիստի մը ընթացքին, կը յայտնէ, թէ իրենց պիտի տրամադրուին զանազան տիպի նոր ինքնաշարժներ, որոնց մէջէն իրենց հաւնածները պիտի առնեն: Տրամադրուած ինքնաշարժներէն 25 հատը Ֆրանսական Ռընօ է, 25-ը` Մերսետես, 25-ը` անգլիական Ժակուար, 25-ը` Քատիլաք եւ 25 հատն ալ` ռուսական Չայքա:
Նախարարները կարգով կը սկսին զատել: Առաջինը կ՛առնէ Մերսետես մը, երկրորդը` Ռընօ մը, երրորդը Ժակուար մը, չորրորդը` Քատիլաք մը եւ այսպէս` շարունակ: Երբ կարգը Մարոզանին կու գայ, ցոյց տալու համար, թէ համայնավար մը ի՛նչ պէտք է ընէ, ռուսական Չայքա մը կ՛ընտրէ:
Կատար երբ կը տեսնէ ասիկա, ինքնիրմէ ելած` կը գոչէ:
– Չէի կրնար երեւակայել, որ պիտի գտնուէր մէկը, որ արեւմտեան ինքնաշարժէ մը աւելի պիտի նախընտրէր ռուսական ինքնաշարժ մը: Այդպիսի տխմար մէկը տեղ չունի մեր մէջ:
Իմաստուն Խօսքեր
Մարդկութեան վրայ պէտք չէ հաւատքը կորսնցնել: Մարդկութիւնը ովկիանոս մըն է: Եթէ ովկիանոսին մէկ քանի կաթիլները աղտոտ են, ովկիանոսը դեռ մաքուր կը մնայ:
ԿԱՆՏԻ
Երջանկութեան մասին շատ մի՛ խօսիք դժբախտի մը: Մեծագոյն չարիքն է, որ կրնաք ընել իրեն:
ԼԱՄԸՆԷ
Լաւագոյն բարեկամը ա՛ն է, որ դեռ չենք ճանչցած:
ՊԱԼԶԱՔ
Դժուար բան է երջանկութիւնը, որովհետեւ դիւրին չէ զայն մեր մէջ գտնել եւ անկարելի է զայն ուրիշ տեղ գտնել:
ՄԱՏԱՄ ՍԹՐԵԼ
Եթէ կարենային խօսիլ, այնքան լաւ բարեկամներ պիտի չըլլային շուները:
ՃՈՆ ԹԻԹՈՒՍ
Եթէ Աստուած դատապարտուէր ապրելու այն կեանքը, որ պարտադրած է մարդոց, ապահովաբար ինքնասպան պիտի ըլլար:
ՏԻՒՄԱ (որդի)
Երկիրը այն մեծ ապառաժն է, որուն վրայ կապուած է մարդկութիւնը, իրական Պրոմեթեւսը, որպէսզի զայն յօշոտէ անգղը: Լոյսը գողցաւ եւ ատո՛ր համար կը տառապի:
ՀԱՅՆՐԻԽ ՀԱՅՆԷ
Պարտականութիւնը ուժ մըն է, որ առաւօտուն մեզի հետ կ՛արթննայ ու գիշերը մեզի հետ կը հանգստանայ: Շո՛ւքն է, որ կը փակի ու կը հետեւի մեզի, ո՛ւր որ երթանք ու մեզ կը լքէ միայն ա՛յն ատեն, երբ կեանքի լոյսը կը ձգենք մենք:
ԿԼԱՏԸՍԹԸՆ
Միշտ կը մտածեմ, թէ Աստուածը ճանչնալու լաւագոյն կերպը շատ մը բաներ սիրելն է: Սիրէ տերեւ մը, կին մը, ուրիշ բան մը, ինչ որ կ՛ուզես դուն:
ՎԱՆ ԿՈԿ
Կամք ունեցող մարդուն համար անկարելի բան չկայ:
ԼԵՍՈՒԹ
Բարկութիւնը մեղք է, բայց, ո՞ւր կարելի է գտնել չբարկացող մարդը:
ՇԷՅՔՍՓԻՐ
Մարդկային միտքը ունի կատար մը: Այդ կատարը իտէալն է: Աստուած հո՛ն կ՛իջնէ ու մարդը հոն կ՛ելլէ: Ամէն դար երեք կամ չորս հանճարներ այդ վերելքին կը ձեռնարկեն:
ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ
Երջանկութիւնդ ըմբոշխնելու լաւագոյն կերպը առանձին չըմբոշխնելն է:
ԷՄԻԼ ՎԵՐՀԱՐԵՆ
Նոյն կուռքին երեք երեսներն են` ճշմարտութիւնը, բարութիւնը եւ գեղեցկութիւնը:
ԷՄԸՐՍԸՆ

