Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վերադարձէք ձեր մանկական յուշերուն, աչքէ անցուցէք այդ օրերու նկարները, եւ հոգեկան գոհունակութիւն պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մանուկներու հետ շատ լաւ յարաբերութիւն պիտի ունենաք. այսպիսով, դուք ալ կը մանկանաք եւ կ՛ուրախանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եկամուտի որոշ գումար մը ձեզի պիտի տայ որոշ ազատութիւն: Այսուհանդերձ, նկատի ունեցէ՛ք խնայասիրութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ունեցած հրապոյրը որոշ յաջողութիւն պիտի բերէ ձեզի այսօր: Ձեր շուրջինները պիտի շարունակեն ձեզ լսել եւ համայուիլ ձեզմով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ծրագիրները գրեթէ ամբողջովին իրագործուած են, եւ ամէն օր անոնց կը մօտենաք մէկ առ մէկ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մարդիկ կը մոռնան, թէ դուք կրնաք խնճոյք կազմակերպել ուրիշներու նման: Ուրիշներուն կարծիքներուն կարեւորութիւն մի՛ տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ներկայ եղէք ցոյց տալու համար, թէ կ՛ուզէք ամէն օր աւելի բան մը սորվիլ: Գովելի է ձեր ընթացքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նախ քան ուրիշներու օգնելը` զբաղեցէք դուք ձեզմով: Ձեր բարեգործութիւնը տեղին կատարեցէ՛ք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ապագայի ծրագիրները կը յստականան: Հետեւեցէք անոնց իրագործման, առանց վարանելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետաքրքրուեցէք ուրիշներու կեանքով եւ հետեւեցէք անոնց ընթացքին: Տեղեկութիւններ առէք ձեր շրջապատէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանի անասուններու հետ պիտի զբաղիք: Օգնեցէք եւ հսկեցէք անոնց շարժումներուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մարզանք կատարելու համար պիտի գտնէք յարմար ընկերակից մը: Այս միջոցառումը դիւրութիւն մըն է ձեզի:

