Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
Խորհրդակցական Հանդիպում Թեհրանի
Հայոց Թեմի Հայերէնագիտական
Երեկոյեան Դասընթացքներու Կապակցութեամբ
Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին հրաւէրով 19 օգոստոսին Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում Թեմական խորհուրդի անդամներուն, Թեհրանի հայոց թեմի հայերէնագիտական երեկոյեան դասընթացներու տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ դասընթացները յաճախած եւ շրջանաւարտ կարգ մը ուսանողներու հետ: Ներկայ էր նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդի ներկայացուցիչը:
Հանդիպումին նպատակն էր` աշխուժացնել դասընթացները, աւելի մեծաթիւ ուսանողներ ներգրաւել եւ 2014-15 ուսումնական տարեշրջանը աւելի աշխուժ կերպով սկսիլ:
Հանդիպման ընթացքին կարեւորութեամբ խօսուեցաւ դասընթացներուն երիտասարդներու ներգրաւման մասին: Նշուեցաւ նաեւ, որ հայերէնագիտական դասընթացներու տնօրէնութեան կողմէ ժամանակին կեանքի կոչուած ուսումնասիրական յանձնախումբին կատարած քննարկումները հասած են այն եզրակացութեան, որ այս դասընթացներուն նոր սերունդին մասնակցութիւնը աւելի եւս ապահովելու նպատակով անհրաժեշտ է արդի մեթոտներ կիրարկել, շրջանաւարտներուն վկայագիրը արժեւորել եւ աշխատանքային ոլորտ ստեղծել:
Սկաուտական Բանակում` Նուիրուած
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նախաձեռնութեամբ Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւորի Գերագոյն մարմինին, 3-6 սեպտեմբերին Նամակերտ գիւղի բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ միաւորին ընդհանուր բանակումը, որ այս տարի նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ կարգախօսն էր` «Պայքար մինչեւ յաղթանակ»:
Բանակումի աշխատանքներուն մաս կը կազմէին` ռալին բանակավայրին մէջ, հետախուզական եւ կողմնացոյցի դասընթացները, ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումի զեկոյցը, խարոյկ վառելու ձեւերը, նաեւ կարգ մը դասախօսութիւններ, ինչպէս` «Համբիկ Սասունեանի կենսագրութիւնը», «Ս. Ամենափրկչեան վանքի Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցու 350-ամեակը» եւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը»: Բանակումի վերջին օրը տեղի ունեցաւ արշաւ` բանակավայրէն դուրս:
Ըստ սկաուտական բանակումներու աւանդութեան, գիշերները սկաուտները ունեցան խրախճանք, որուն ընթացքին երգեցին ազգային-յեղափոխական երգեր: Բանակումի վերջին գիշերը տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս:
Գերմանախօս Պատուելիին Այցը`
Առաջնորդ Սրբազանին
Սեպտեմբեր 6-ին Թեհրանի գերմանախօս եկեղեցւոյ վերապատուելի Ինկ այցելեց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին:
Այցելութիւնը առիթ եղաւ զրոյցի` ընդհանրապէս երկու եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն մասին:
Սրբազան հայրը գնահատեց գերմանախօս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու մարդասիրական, բարեգործական աշխատանքները, որոնք կը կատարուին անշահախնդիր կերպով:
Նոր Ջուղա
«Եկէք` Յիշենք Անցեալը Ջուղայի»
Խորագրով Ձեռնարկ
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան Երէցներու միաւորի վարչութեան եւ համագործակցութեամբ միաւորի ամբողջ կազմին, 5 սեպտեմբերին միութեան բացօթեայ տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն նպատակն էր համախմբել համայնքին անդամները :
Անցեալը վերապրեցնելու համար միաւորը կազմակերպած էր ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէր ժամանակին օգտագործուող հագուստներ, կենցաղային իրեր, ձեռարուեստի նմուշներ եւ ընտանեկան ու անհատական հին լուսանկարներ. մատակարարուող ուտելիքները նոյնպէս կը ներկայացնէին աւանդական խոհանոցը:
Կազմակերպիչ միաւորին անունով Սեդա Բարղեան բնութագրեց ջուղացիներուն վարքն ու բարքը, սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, ջուղացիներուն խոհանոցը, արուեստն ու արհեստը, եւ յատկապէս` հայրենասէր, հիւրասէր ու աւանդութիւնները պահպանող յատկանիշները:
Ատրպատական
Ուրմիոյ ՀՕՄ-ի Անդամուհիներուն
Ուխտագնացութիւնը Հայաբնակ Գիւղեր
Օգոստոս 24-ին, Ուրմիոյ ՀՕՄ-ը կազմակերպեց ուխտագնացութիւն մը դէպի Ուրմիոյ հայաբնակ գիւղերուն մէջ գտնուող եկեղեցիներ:
Նախ եւ առաջ անոնք այցելեցին Դիզաջ Թաքայի հայկական Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի եւ ապա 2 ասորի եկեղեցիներ: Ապա հայկական գիւղ` Բալանէժի Ս. Յովհաննէս եկեղեցի: Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք ուղղուեցան այլ հայկական եկեղեցի մը` Պօղոս Պետրոս, որմէ ետք անոնք այցելեցին տեսարժան վայրեր եւ երեկոյեան վերադարձան շատ գոհ եւ ուրախ տպաւորութիւններով:
Ատրպատականի Հայոց Թեմի
770-Ամեակի Նշում
Ատրպատականի հայոց թեմի հիմնադրութեան 770-ամեակի ծիրէն ներս, 11 սեպտեմբերին, սկսաւ Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի տարեկան ուխտագնացութիւնը` տաճարին մէջ մատուցուած եպիսկոպոսական պատարագով:
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան իր պատգամին մէջ, անդրադառնալով Վանքի դարաւոր պատմութեան, ներկայացուց Ս. Նախավկայ վանքի հիմնադրութենէն մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիները երկարող ժամանակահատուածը: Ան նաեւ վեր առաւ Ատրպատականի հայոց թեմի ներկայի յուսալի կացութիւնը, Իրանի պետութեան եւ ԵՈՒԵՆՍՔՕ-ի կողմէ իրագործուող վանքերու վերանորոգութիւններուն տրուած հովանաւորութիւններով, եւ թեմի հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, Ազգային իշխանութեան կողմէ իրականացուող կալուածային աշխատանքներով:
Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան:
Յունաստան
«Պարտքը»
Սեպտեմբեր 1-ին Ֆիլոփափուի բլուրին վրայ տեղակայուած յունական տոհմիկ պարերու «Տորա Սթրաթու» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած յատուկ երեկոյ մը` «Պարտքը» խորագիրը կրող, նուիրուած երկու ժողովուրդներու երեք հազար տարուան վրայ երկարող աւանդական պատմութեան վրայ: Պոնտական եւ հայկական երգերուն ու պարերուն ընդմէջէն, ներկայացուեցան Տրապիզոնի, Սեւ ծովու, Զմիւռնիոյ ու պատմական Հայաստանի շրջանները, հայոց եւ յունական ցեղասպանութեան թեմաները: Ելոյթին ծրագիրը մտայղացումն էր Մելիսիայի Պոնտական միութեան պարուսոյց Օմիրոս Փախաթուրիտիսի: Պարերը ներկայացուցին Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Էտկար Էկեանի եւ հայրենի պարուսոյց Անահիտ Սարիբեկեանի:
Յայտագրի աւարտին շնորհաւորական եւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ «Տորա Սթրաթու» յունական տոհմիկ պարերու նախագահ Ալքիս Ռափթիս, որ մեծապէս գնահատեց երեկոյի կազմակերպումը` նշելով, թէ նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն հայ եւ յոյն ժողովուրդներու կապերու սերտացման ու կը խթանեն համագործակցութիւնը` մշակութային եւ քաղաքական դաշտերուն ընդմէջէն:
Միացեալ Նահանգներ
Արշօ Պէյլերեան` Հայ Դատի Ձեռնարկի
Յանձնախումբի Ատենապետ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը որոշած է իր տարեկան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին համար ատենապետ նշանակել Արշօ Պէյլերեանը, որ գոհունակութիւն յայտնած է աշխատելու խումբ մը նուիրեալ կամաւորներու հետ` լուսարձակի տակ առնելու համար Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին իրագործումները:
Նոյեմբեր 2-ին Պեւըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ կայանալիք ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնելիք իրագործումներէն են` «Հայ Վոթց» արշաւը, նահանգային մակարդակի վրայ շարք մը հայանպաստ բանաձեւերու վաւերացման ապահովումը, կրթական նախաձեռնութիւններ եւ «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» արշաւը:
Մոնթէպէլլօ
Հայաստանի Վերանկախացման 23-րդ
Տարեդարձի Նշում Եւ Պարգեւատրութիւն
Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ռուբէն Աբրահամեանի, վերջերս նշուեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 23-րդ տարեդարձը:
Ռուբէն Աբրահամեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը համայնքային կեանքի մէջ գործող բոլոր աշխատունակ եւ արհեստավարժ ուժերու համախմբումին` կազմակերպութիւններու գործունէութեանց շուրջ, որպէսզի միասնական ճիգով դիմագրաւեն բոլոր մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան մէջ, որովհետեւ մեր թշնամին ամէն տեսակի սադրանքներ ի գործ կը դնէ խոչընդոտելու համար մեր ծրագիրներն ու աշխատանքները:
Այնուհետեւ Ռուբէն Աբրահամեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարգեւատրեց գաղութին մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող եւ Հայաստանի ու հայութեան պայծառութեան ի խնդիր իրենց կարեւոր ներդրումը բերած երկու ազգայիններ` թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլընճեանը` ոսկի մետալով, իսկ «Կոմիտաս ռատիօժամ»-ի տնօրէն Կարօ Հեքիմեանը` մայրենիի դեսպան մետալով:
Իրենց արտասանած խօսքին մէջ երկու պարգեւատրեալները շնորհակալութիւն յայտնեցին սփիւռքի նախարարութեան, յատկապէս` Հրանուշ Յակոբեանին, որ իրենց տարիներու գործունէութիւնը եւ շարունակուող աշխատանքը, համայնքային կեանքին մէջ նման գնահատանքի մը արժանի կը դարձնէ:
Ձեռնարկի ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ Հայաստան գտնուած օրերուն պատուոյ հիւպատոսն ալ իր կարգին արժանացած էր «Պօղոս Նուպար» մետալին, ինչպէս նաեւ իրեն յանձնուած էր Հայաստանի քաղաքացիի անցագիր` իբրեւ գնահատանք իր ունեցած ժրաջան գործունէութեան եւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններուն:
Չեխիա
Փրակայի Քարլի Համալսարանին Մէջ Կրկին
Հայագիտութիւն Պիտի Ուսումնասիրեն
16 սեպտեմբերին Չեխիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Փրակայի Քարլի համալսարանին միջեւ կնքուեցաւ համաձայնագիր` համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքին մէջ հայագիտութեան առարկաներու դասընթացքի վերաբացման վերաբերեալ:
Հայկական կողմէն համաձայնագիրը ստորագրեց Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, չեխական կողմէն` համալսարանի տնօրէն Դոմաշ Զիման:
Քարլի համալսարանին մէջ հայագիտութեան դասաւանդումը աւանդոյթներ ունի: Տարբեր տարիներ (1953 թուականին եւ 1996 թուականին) բացուած է ամպիոն կամ իրականացած է դասախօսութիւններու շարք:
Կարեւոր նկատելով համալսարանին մէջ հայագիտութեան դասաւանդման աւանդութիւններու վերականգնումը` Հայաստանի կառավարութիւնը` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան առաջարկով, որոշում տուած է նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել Քարլի համալսարանին` դասաւանդումը վերսկսելու նպատակով:
2014-2015 թուականներու ուսումնական տարուան ընթացքին չեխ ուսանողներուն պիտի առաջարկուին հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի եւ աշխարհագրութեան դասընթացներ:
Ստորագրման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ ողջունելով հիւրերը` տնօրէն Զիման նշեց, որ չափազանց կարեւոր կը նկատէ հայագիտութեան առարկաներու դասաւանդման վերսկսումը եւ հայալեզու գրականութեան գրադարանի վերականգնումը համալսարանին մէջ:
Դեսպան Սէյրանեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց հայագիտութեան առարկաներու դասաւանդումը սկսելու հարցով չեխական կողմի պատրաստակամութեան եւ հետաքրքրութեան համար` նշելով, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ կապերու ամրապնդման ու զարգացման, յատկապէս կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ: Դեսպանը առաջարկեց յառաջիկային ուսումնասիրել Փրակայի Քարլի համալսարանի եւ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն միջեւ ուղղակի կապ հաստատելու կարելիութիւնները` հետագային ուսանողներու միջեւ փոխանակման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ծրագիրներու իրականացման նպատակով:
Արարողութեան եւ հանդիպման ներկայ էր նաեւ Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատի պատգամաւոր, Չեխիա-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ռոպին Պէոհնիշ: