Հիլըրի Քլինթըն Կ՛ակնարկէ Նախագահական Ընտրութեան Իր Թեկնածութեան

Հիլըրի Քլինթըն
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն ակնարկած է 2016-ի նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդած է, որ Քլինթըն այդ յայտարարութիւնը կատարած է Այոա նահանգին մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան համագումարին ընթացքին: Ան հանդիպում ունեցած է Այոայի 10 հազար գործիչներու հետ: Քլինթըն մասնաւորաբար նշած է, որ բաւական մեծաթիւ մարդիկ եկած են եւ բոլորին կը հետաքրքրէ նախագահական քարոզարշաւը, ինչպէս եւ իրեն:
Նախկին առաջին տիկինը տակաւին պաշտօնապէս չէ յայտարարած նախագահական ընտրութեան իր առաջադրուելուն մասին, հակառակ անոր որ ան կը նկատուի Դեմոկրատական կուսակցութեան ամէնէն ուժեղ թեկնածուն:
Կը նշուի, որ 2008-ին Հիլըրի Քլինթըն մասնակցած է նախագահական արշաւին` կուսակցութեան ներքին պայքարին, եւ անոր մրցակիցը եղած է ներկայ նախագահ Պարաք Օպամա:

