Անգարա Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Չի Ճանչնար Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան Անօրինական Միացումն Ու Ընտրութիւնները»
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Թուրքիան չի ճանչնար 14 սեպտեմբերին Խրիմի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները:
Քուէարկութեան միասնական օրը 14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած էր Ռուսիոյ 85 շրջաններէն 84-ին մէջ: Խրիմի մէջ, որ մարտին տեղի ունեցած հանրաքուէին իբրեւ հետեւանք միացած էր Ռուսիոյ, տեղի ունեցած են խորհրդարանի եւ համայնքային իշխանութիւններու ընտրութիւններ, ըստ ռուսական օրէնսդրութեան:
«Թուրքիան չի ճանչնար Խրիմի ինքնավար հանրապետութեան անօրինական միացումը: Այդ կապակցութեամբ 14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւնները մեր երկիրը նոյնպէս չի ճանչնար», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
CATEGORIES Միջազգային

