Եգիպտոսի Եւ Մաքսային Միութեան Միջեւ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Աշխատանքային Խումբը Պիտի Հաւաքուի Հոկտեմբերին

Մունիր Ֆահրի Ապտելնուր
Եգիպտոսի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի ներկայացուցիչ Ինաս Նաֆիյէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ Գահիրէի եւ Մաքսային միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման նուիրուած ռուս-եգիպտական աշխատանքային խումբին առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան հոկտեմբերի վերջաւորութեան` Շարմ Շէյխի մէջ:
Եգիպտացի նախարար Մունիր Ֆահրի Ապտելնուր ձեռնարկած է դէպի Ռուսիա եւ Պիելոռուսիա շրջապտոյտի մը` գլխաւորելով գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ աշխատող եգիպտական ընկերութիւններու ղեկավարներէն ու ներկայացուցիչներէն կազմուած 64 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:
Նախարարին այցելութեան հիմնական նպատակն է` Եգիպտոսի եւ Մաքսային միութեան միջեւ Ազատ առեւտուրի գօտիի մասին բանակցութիւններուն սկիզբ դնել:
Կողմերը կը քննարկեն նաեւ եգիպտական արտադրութիւններուն` ռուսական շուկայ յաւելեալ մատակարարումներու հաւանականութիւնը:

