Պոզքըր. «Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Ռազմավարական Նպատակն Է»

0917_Bozkir

Վոլքան Պոզքըր

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ բարեփոխումներ կատարել Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու համար:

Ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը Թուրքիոյ ռազմավարական նպատակն է, եւ ատոր հասնելու համար իրենք պատրաստ են քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն մէջ կատարելու անհրաժեշտ բարեփոխումները: Պոզքըր նաեւ յայտնած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի հրապարակուի Եւրոպական Միութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ ռազմավարական ծրագիրը:

Share this Article
CATEGORIES