Նշմար. «Ատելութեան» Եւ «Խաղաղութեամբ Ապրելու» Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0916_vahoԹրքական «Սապահ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր Հայաստանի հետ յարաբերութեանց նոր ժամանակաշրջանի կոչ ուղղած է եւ նշած. «Անկարելի է (միասնաբար դէպի) աշխարհի ապագան քալել` ատելութեամբ եւ զիրար սպաննելով»: Նախքան անոր խօսքին անդրադառնալը, նշենք, որ «Սապահ»-ի հաղորդած լրատուութիւնը կարդալէ ետք յստակ կը դառնայ, որ թուրք նախարարը Հայաստան-Թուրքիա եւ հայ-թուրք յարաբերութիւնները իրարու հետ կը շփոթէ եւ իրարու կը միախառնէ. անոնք տարբեր հարցեր են: Եթէ խօսքը Հայաստանի հետ յարաբերութեանց մասին է, ապա ատոր մէջ նոր էջ բանալու համար Թուրքիա պէտք է կատարէ երկու քայլ` շրջափակումին վերջ տայ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ:

Վերադառնալով Վոլքան Պոզքըրի վերոնշեալ խօսքին` հայկական կողմին մօտ «ատելութեան» հարց գոյութիւն չունի: Մեզի համար հարցը զգացական չէ. մենք թուրքը չենք ատեր, այլ` թրքական պետութեան ժխտողականութիւնը: Վկայ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած թուրքերուն հետ մեր յարաբերութիւններն ու երկխօսութիւնը: Այո՛, պայքար կը մղենք, սակայն մեր պայքարը ատելութեան ծնունդ չէ, այլ` պահանջատիրութեան, յանուն վրէժի չէ, այլ` յանուն իրաւունքի եւ արդարութեան: Աւելի՛ն, մեր պայքարը որեւէ մէկուն դէմ չէ, այլ ի նպաստ մեր դատին:

Պոզքըր նաեւ կը խօսի «զիրար սպաննելու» մասին. հայերը վերջին անգամ ո՞ր թուականին թուրք մը սպաննած են, սակայն թուրք մը 2007-ին սպաննեց իր համաքաղաքացին` Հրանդ Տինքը, ապա ոճրագործը հերոսացուցին: Այստեղ փոխադարձութիւն չկայ:

Լրատուութեան մէջ թուրք նախարարին մէջբերուած ամբողջ խօսքին մէջ յաճախակի կերպով կը կրկնուի խաղաղութեամբ ապրելու համար «անցեալի դէպքերը ետին ձգելու» յանկերգը, սակայն խաղաղութեամբ ապրելու նախապայմանը անցեալի դէպքերը ետին ձգելը չէ, այլ` անոնց հետ առերեսուիլը, ընդունիլը եւ զանոնք փոխհատուցելը: Այդ բոլորը Թուրքիոյ Հանրապետութեան բաժինն է, որ չէ կատարած, թէեւ Պոզքըր Էրտողանի 24 ապրիլի նամակին ակնարկելով կը պնդէ. «Իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն, մեր բաժինը կատարած ենք»:

Երբ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իրապէս իր բաժինը կատարէ, միայն այն ատեն կարգը կու գայ հայերուն, որոնք պիտի ներեն, սակայն վստահ երբեք պիտի չմոռնան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES