Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Հայաստան
Չորեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան` մասնակցելու Հայաստան-սփիւռք Ե. համաժողովին:
Սոյն համաժողովին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչները:
Ուրբաթ, 19 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, համաժողովի բացման նիստին, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ համաժողովին, եւ նոյն օրն իսկ պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանք:
CATEGORIES Գաղութային

