Իրան Հարցականի Տակ Կ՛առնէ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Դաշինքին Օրինականութիւնը
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիէ Աֆխամ յայտարարած է, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գործող ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին դէմ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ ստեղծուող միջազգային դաշինքին գործունէութեան իրաւական հիմքերը կասկածներ կը յարուցեն:
Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Աֆխամ յայտարարած է. «Միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն դաշինքին օրինականութիւնը մեծ հարցականի տակ է: Անիկա ձեւաւորուած է առանց ատոր համար գոյութիւն ունեցող ՄԱԿ-ի մեքանիզմներուն օգտագործման»:
CATEGORIES Միջազգային

