Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան պիտի վերադառնայ նախագահական ընտրութեան նիստին ընթացքին:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան ընդգծեց անմիջապէս հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց հակառակորդ քաղաքական ուժերուն յստակ որոշում մը տալու` հաւատադրժողական շարժումներուն դիմադրելու առումով:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իրենք կարիք չունին այնպիսի խրատներու, որոնց նպատակն է այս կամ այն քաղաքական կողմին տուրք տալ: Ան հաստատեց, որ իր նշանակուած օրէն սկսեալ առաջնահերթութիւն դարձուցած է իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնը:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ապտալլա պու Հապիպ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը պիտի ըլլայ ուահապականի մը պատերազմը` ծայրայեղ ուահապականի մը դէմ, իսկ այդ պատերազմին պիտի օժանդակեն Միացեալ Նահանգները: Ան նշեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակին դէմ յարձակումը Լիբանանի կառավարութեան դէմ յարձակում է:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելուները հաստատեցին, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դէմ պիտի քուէարկէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 300 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինին ու մազութին թիթեղները` 200 լ. ոսկիով, իսկ կազը` 400 լ. ոսկիով:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շնորհաւորեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը` Միացեալ Նահանգներէն անոր վերադարձին առիթով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, որուն հետ կը գործակցին բոլոր լիբանանցիները:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի անմիջական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ վարչապետ Թամմամ Սալամի Քաթար այցելութեան արդիւնքները:
ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատու խորհուրդի նախագահ Խալիլ Համտան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը արդարացնելը արիւնահեղութեան եւ անմեղներու սպանութեան մաս կազմելու համազօր է:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի հաստատեց, որ մօտիկ ապագային նախագահական ընտրութիւն կատարելու դրական նախաձեռնութիւններ չկան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի պատգամը լիբանանցիներուն միջեւ համերաշխութիւնը ամրապնդած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ պէտք է փաստել, թէ քաղաքական շահեր ապահովելու համար երկրին սահմանադրութեամբ կարելի չէ խաղալ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական լուրջ քայլեր կ՛առնուին` նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու նպատակով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ հաստատեց, որ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, նոյնիսկ եթէ նախագահական ընտրութիւն չկատարուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի ընդգծեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը Լիբանանին վտանգ կը սպառնայ:

