«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իմաստով Մնայուն Կերպով Պիտի Զօրակցինք Լիբանանին» Ընդգծեց Եգիպտոսի Վարչապետը
Եգիպտոսի վարչապետ Իպրահիմ Մահլապ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան արժանի չէ իրեն դէմ գործուած ահաբեկչական արարքներուն:
Գահիրէի մէջ արաբական երկիրներու աշխատանքի նախարարները ընդունելու շրջագիծին մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզիի հետ եւ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Եգիպտոս մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին` նկատի ունենալով նաեւ այն իրականութիւնը, որ Եգիպտոս վերադարձած է արաբական աշխարհին մէջ իր դերակատարութեան` յանձնառու մնալով Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ցուցմունքներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

