Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը

Զօր. Սլէյման եւ Ապու Ֆաուր
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդգծեց Լիբանանը շրջանային իրադարձութիւններէն չէզոք պահելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ «Պաապտայի յայտարարութեան» նպատակն է չէզոք քաղաքականութեան ընդմէջէն Լիբանանը փրկել Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետեւանքներէն:
Սլէյման շեշտեց սակայն, որ ՏԱՀԵՇ համազօր է Իսրայէլի եւ Լիբանանին սպառնալու պարագային կարելի չէ լուռ մնալ անոր նկատմամբ` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ դնելը «Պաապտայի յայտարարութեան» էութեան հետ չի հակադրուիր:
Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է ճշդուած թուականին կատարել` ընդգծելով, որ այդ մէկը կատարելու համար պէտք է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:
Նշենք, որ Սլէյմանի այցելեցին առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, երեսփոխաններ Աթեֆ Մաժտալանի եւ Խտըր Հապիպ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ:

