Հանրապետութեան Միւֆթին Ուղղուեցաւ Տար Ֆաթուա

Միւֆթիներ Քապպանի եւ Տըրիան

Միւֆթիներ Քապպանի եւ Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ուղղուեցաւ Տար Ֆաթուա, ուր պաշտօնապէս ստանձնեց իր նոր առաքելութիւնը:

Միւֆթի Տըրիանը առաջին շնորհաւորողը եղաւ հանրապետութեան նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, որ հաստատեց, թէ շէյխ Տըրիան Լիբանանի իսլամներուն հոգեւոր պետն է եւ ան պատասխանատու է հոգեւոր, կալուածներու կապուած եւ ընկերային մարզերու զարգացումներուն:

Շէյխ Տըրիանը շնորհաւորեցին նաեւ Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալլամ եւ Լիբանան գտնուող լիբանանեան-ֆրանսական ծերակուտական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ միւֆթի Տըրիանի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES