Հէյլ Այցելեց Պասիլի Եւ Մուքպելի

Պասիլ եւ Հէյլ

Պասիլ եւ Հէյլ

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ երէկ այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հէյլ այցելեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակը անհրաժեշտ զէնքերով զինելու մանրամասնութիւնները:

Հէյլ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ  կարողութիւն ունին գոհացնելու Լիբանանի կարիքները:

Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն լիբանանեան բանակը զինելու առումով, յատկապէս Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին:

Share this Article
CATEGORIES