Պըրրի. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումին Գծով Իմ Կեցուածքս Անսակարկելի Է»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերը կայացնելու վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ օրէնսդրական նիստեր գումարելու առումով մթնոլորտը աւելի դրական է, եւ այդ աշխատանքը սկսելու համար պէտք է սերտել առաջնահերթութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին իր կեցուածքը կը մնայ նոյնը` աւելցնելով, որ անիկա անսակարկելի է:

Պըրրի շեշտեց, որ այդ իմաստով գաղտնի համաձայնութիւններ չկան, եւ բոլոր թղթածրարներուն իմաստով ալ իրենց կեցուածքը միշտ յստակ եղած է եւ աշխատանքի ուղեգիծը ոչ մէկ փոփոխութիւն կը կրէ:

Share this Article
CATEGORIES