Արսալի Մէջ Զինեալներ Առեւանգեցին Այլ Բանակային Մը
Արսալի մէջ երէկ յետմիջօրէին ահաբեկիչներ առեւանգեցին լիբանանեան բանակի զինուոր Քամալ Հուժէյրին, որ կը գտնուէր Ուատի Հմայտի իր ագարակին մէջ:
Զինեալները գողցան նաեւ կովեր:
Միւս կողմէ, երէկ խումբ մը մարդիկ Արսալի Ուատի Հոսըն շրջանին մէջ գտնուող բանակի անցարգելին դիմաց հաւաքուեցան եւ փորձեցին յարձակիլ զինուորներուն վրայ:
Բանակը կրակեց զանոնք հեռացնելու նպատակով. կրակոցին պատճառով վիրաւորուեցաւ Մոհամետ Ահմետ Հուժէյրի անունով քաղաքացի մը, իսկ 5 ուրիշներ ձերբակալուեցան:
Վիրաւորը փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, իսկ ձերբակալեալ քաղաքացիները յանձնուեցան համապատասխան իշխանութիւններուն:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, սահմանամերձ շրջանի հարցերն ու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի ու իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյին:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր, Կապոյտ գիծը խախտելու արարքները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան ուժերը հեռացնելու քայլերը:

