Զօր. Աուն Այցելեց Ուալիտ Ժոմպլաթի

Թայմուր ու Ուալիտ Ժոմպլաթներ եւ զօր. Աուն

Թայմուր ու Ուալիտ Ժոմպլաթներ եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թայմուր Ժոմպլաթ:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի պայմանները կը մղեն, որ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարուին` քննարկելու համար տիրող իրավիճակն ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու միջոցները` միասնականութեամբ դէմ դնելու համար Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն:

Զօր. Աուն նշեց, որ այս այցելութիւնը վերջինը պիտի չըլլայ, այլ գոյացած է այդ հանդիպումները եւ քննարկումները  շարունակելու համաձայնութիւն մը` աւելցնելով, որ իրենք գրեթէ նոյն տեսակէտը ունին լիբանանեան իրադարձութիւններուն մասին:

Պատասխանելով հարցումի մը` զօր. Աուն ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը եւ արդէն իսկ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը:

«Թէ ո՞վ նոր կառավարութեան կազմութեան պարտադիր խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ» հարցումին պատասխանելով` զօր. Աուն ըսաւ. «Երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք կ՛ընտրուի խորհրդարանի նախագահը, որ խորհրդարանը կը հրաւիրէ նախագահական ընտրութեան նիստի մը, եւ կ՛ընտրուի հանրապետութեան նախագահը, իսկ եթէ նախագահ մը կարելի չըլլայ ընտրել, ապա Աստուած բոլորիս հոգին լուսաւորէ»:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ ինք Ժոմպլաթի հետ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը չէ քննարկած:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ նշեց, որ իբրեւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու ինք համոզուած է զօր. Աունի ներկայացուցած ժողովրդային կշիռով, «սակայն մենք այսօր այդ մասին ոչինչ քննարկեցինք: Քննարկուեցան երկրին ապահովական մարզը յուզող հարցեր, եւ մեր քննարկումներուն մէջ գրեթէ համակարծիք էինք», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ իր եւ զօր. Աունի միջեւ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Իսկ ՏԱՀԵՇ-ին դիմադրելու առումով Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք համաձայն է զօր. Աունի այն տեսակէտին, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու միջազգային դաշինքը պակասաւոր է, եթէ անիկա ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածին հիման վրայ չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES