Բակօ Սահակեան Ընդունեց Լեհաստանէն Հասած Պատուիրակութիւնը

170914LehastanKhorhrdaranԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Լեհաստանէն հասած պատուիրակութիւնը` Լեհաստանի Հանրապետութեան ծերակոյտի անդամ, Հայաստան-Լեհաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Լուկաշ Աբգարովիչի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեհաստան-Արցախ կապերու զարգացման, ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սահակեան նշեց, որ հայ-լեհական յարաբերութիւնները ունին դարերու պատմութիւն, ինչ որ դրական ազդեցութիւն ունի ներկայի պայմաններուն մէջ երկկողմ կապերու զարգացման վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES