10 Հոկտեմբերին Ոչ Իշխանական Ուժերու Հանրահաւաք. ՀՅԴ-ն Պիտի Չմասնակցի Լուրջ Տարակարծութիւններու Պատճառով

0917_Rusdamian1Երէկ ոչ իշխանական քառեակի նիստին ընթացքին քննարկուած են յառաջիկայ մարզային այցելութիւններու եւ հանրահաւաքի հետ առնչուող հարցեր:

Օրակարգին վրայ տեղ գտած է հիմնական 3 հարց`

  1. Միացեալ հանրահաւաք կազմակերպելու օրը եւ վայրը:
  2. Հանրահաւաքի օրակարգը եւ բովանդակութիւնը:
  3. Միասնական մարզային այցելութիւնները:

Նիստին  ընթացքին որոշուած է, որ 3 քաղաքական ուժերը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը, 10 հոկտեմբերին Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրահաւաք պիտի կազմակերպեն:

ՀՅԴ-ն պիտի չմասնակցի այդ հանրահաւաքին, որովհետեւ կան էական տարակարծութիւններ` հիմնական հարցերուն հետ կապուած, որոնցմէ ամէնէն կարեւորն է սահմանադրութեան փոփոխութիւնը:

ՀՅԴ-ն պիտի չմասնակցի նաեւ մարզային այցելութիւններուն:

Նշենք, որ քառեակի շուրջ 2 ժամ տեւած դռնփակ հանդիպումէն ետք Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան յայտարարեց, որ «Դաշնակցութիւնը չէ լքած քառեակը, 10 հոկտեմբերին եռեակը քառեակի` նաեւ Դաշնակցութեան անունով պիտի ամփոփէ իշխանութեան ներկայացուած 12 կէտերու կատարման ընթացքը»:

Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Առաջարկած Է
5
Օր Սպասել, Եռեակը Չէ Համաձայնած»

0917_Rusdamian2Ազգային ժողովի ոչ իշխանական քառեակի երէկուան նիստէն ետք, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ սահմանադրական փոփոխութիւններու պատճառով ՀՅԴ-ն հրաժարեցաւ քառեակի ձեւաչափով միացեալ հանրահաւաքէն, արդեօ՞ք սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցը այդքան կարեւոր էր, քան հանրահաւաքի հարցը, ըսաւ. «Նախ` ՀՅԴ-ի համար միշտ կարեւոր նկատուած են սահմանադրական բարեփոխումները: Ոչ թէ ինքնանպատակ բարեփոխումներ, այլ կողմ ենք եւ հաւատքով կը պաշտպանենք այն գաղափարը, որ երկիրը պէտք է անցնի աւելի հաւասարակշռուած համակարգի` գործընկերային  կառավարման: Մենք ունինք սահմանադրական բարեփոխումներու մեր ծրարը, մենք պատրաստ էինք քառեակով համաձայնեցնել այդ ծրարը, բայց ատիկա տեղի չունեցաւ»:

Ռուստամեան ակնյայտ նկատեց, որ հանրահաւաքը չի կրնար շրջանցել սահմանադրական բարեփոխումներու հարցը: «Մենք չենք պատկերացներ անհամատեղելի մօտեցումներով համատեղելի հանրահաւաք ընել», բացատրեց ան` աւելցնելով, որ այդ պարագային դժուար կ՛ըլլայ ժողովուրդին յստակ պատգամ հաղորդել, որովհետեւ հանրահաւաքը պէտք է որոշ նպատակ եւ պատգամներ ունենայ:

Ռուստամեան վերահաստատեց այն մօտեցումը, որ քառեակը քառեակ է այնքանով, որքան որ քաղաքական ուժերը կրնան համաձայնութիւն  գոյացնել որեւէ հարցի շուրջ, իսկ նման հարցերը շատ են` իշխանութեան ներկայացուած 12 կէտերը: «Յոյս ունիմ, որ հանրահաւաքի ժամանակ քառեակին անունով կ՛ամփոփուին այդ 12 կէտերը», ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը պէտք է ներկայացուի 15 հոկտեմբերին, եւ ՀՅԴ-ի համար յստակութիւն կը յառաջանար 15 հոկտեմբերէն ետք, երբ պարզ կը դառնար, որ արդեօք իշխանութիւնը կ՛ընդունի՞ ՀՅԴ-ի սահմանադրական փոփոխութիւններու ծրարը, թէ՞ ոչ: Այդ իսկ պատճառով ՀՅԴ-ն առաջարկած է քառեակի գործընկերներուն միացեալ հանրահաւաքի հարցը որոշել 15 հոկտեմբերէն ետք:

«Եւ 15 հոկտեմբերէն ետք չէր բացառուեր, որ իշխանութիւնները չընդունէին մեր ծրարը: Այդ պարագային մենք դէմ կ՛ըլլայինք սահմանադրական փոփոխութիւններուն, եւ տարակարծութիւնը քառեակին մէջ կը վերանար: Բայց եթէ իշխանութիւնը կողմ ըլլար ՀՅԴ-ի առաջարկած փոփոխութիւններուն, այդ ժամանակ քառեակի գործընկերներուն հետ կը յայտնուէինք տարբեր դաշտերու մէջ, որովհետեւ ՀՅԴ-ն պէտք է պաշտպանէր սահմանադրական փոփոխութիւնները», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES