Մանչեսթըր Եունայթըտ Ռոնալտոն Վերադարձնելու Խնդրանքով Կը Դիմէ Ֆերկըսընին

0917_ronaldo-alexԻր լուրը քաղելով goal.com կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, ըսելով, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի պատասխանատուները Քրիսթիանօ Ռոնալտոն խումբ վերադարձնելու խնդրանքով դիմած են ակումբին նախկին գլխաւոր մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընին:

Անգլիական ակումբը շարունակական ջանքեր կը գործադրէ փորթուգալցի յառաջապահին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար եւ պատրաստ է որեւէ համաձայնութեան գալու սպանական ակումբին հետ:

Ռոնալտօ 2003-2009-ին մաս կազմելէ ետք Մանչեսթըրի, փոխանցուեցաւ մատրիտեան կազմին, ուր կը մնայ մինչեւ օրս:

Share this Article
CATEGORIES