«Օրին Մէկը Կ՛ուզեմ Դառնալ Ֆրանսայի Մարզիչ» Կ՛ըսէ Զիտան

0917_zinedineՖրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Զինետին Զիտան, որ այժմ Ռէալ Մատրիտի Բ. խումբին մարզիչն է, խոստովանած է, որ օրին մէկը կ՛ուզէ դառնալ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը:

«Երկար ժամանակ այդ խումբին մաս կազմած եմ եւ անոր հետ ունեցած լաւ օրեր: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ այժմ կը պատրաստուիմ ստանձնելու այդ պաշտօնը: Սակայն այն պահէն սկսեալ, երբ աւարտեցի ֆութպոլիստի իմ արհեստավարժ ասպարէզս եւ դարձայ մարզիչ, ուզեցի դառնալ Ֆրանսայի ազգային խումբին մարզիչ ալ», Զիտանի խօսքերը կը մէջբերէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Նշենք, որ Զիտան 1998-ին Ֆրանսայի հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, իսկ 2000-ին` Եւրոպայի ախոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES