«Չեմփիընզ Լիկ». Քասիաս Հաւասարեցաւ Կիկզի Եւ Զաւիի Հաստատած Մրցանիշին
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ռէալ Մատրիտ – Պալ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումին, թէեւ սպանական խումբը յաղթանակ մը արձանագրեց (5-1), սակայն անկախ մրցումին արդիւնքէն, արքայական ակումբի բերդապահ Իքեր Քասիաս այս մրցաշարքին գծով հաւասարեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին ֆութպոլիստ Ռայըն Կիկզի եւ Պարսելոնայի միջնապահ Զաւիի հաստատած մրցանիշին: Անոնք 141-ական անգամ դաշտ ներկայացած են «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն:
Նշենք, որ մրցանիշը կը պատկանի (142 անգամ) Ռէալ Մատրիտի եւ Շալքէի նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսին:
CATEGORIES Մարզական

