Դէպի «Նոր Միջին Արեւելք»

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Երբ մօտաւորապէս տասը տարի առաջ Ռալֆ Փիթըրզի «Նոր Միջին Արեւելք»-ի կանխագծուած քարտեսը համացանցին եւ մամուլին մէջ տարածուեցաւ, անոր ձեւաւորման գործադրման ձեւերը հեռու կը մնային պատկերացումներէ ու նախատեսութիւններէ: Քարտեսը յատկապէս հայերուս  կ՛առնչուէր Արարատ լերան Հայաստանի կցման աւետումով, որ ցարդ քաղաքական ազդանշաններէ զուրկ է: Օրին Նոր Միջին Արեւելքի դերակատար խումբերը  տակաւին պատրաստ վիճակի մէջ չէին գտնուեր, եւ քաղաքական խումբերու ու շերտաւորումներու վերջնական պատկերը չէր հասունցած:

Ցարդ, վերջին տասնամեակին, տարածաշրջանային քաղաքական զարգացումները իրենց հետ երեւան հանեցին նոր խմբաւորումներ, նոր անուանումներ ու ռազմական միաւորներ, որոնք հին Միջին Արեւելքի համակարգին մէջ դերակատար չէին կամ մեռած բջիջներ էին:

Տարածաշրջանային քաղաքական իրադարձութիւններէն կ՛արժէ մատնանշել տասը կէտեր, որոնք որոշ չափով գաղափար կու տան դէպի Նոր Միջին Արեւելք տանող փոփոխական հանգրուանին մասին:

Ա) Զէնքի Կազմակերպուած Մաքսանենգման
Ու Մատակարարման Դաւերը

Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներուն հետ հսկայական ռազմական համաձայնագիրներ կնքած պետութիւններ են: Անոնք ռազմավարական զինակիցներ են, ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ: «Արաբական գարուն»-էն ետք իսլամական զինեալ խմբաւորումները յայտնուեցան տարածաշրջանի տարբեր երկիրներու մէջ` Լիպիոյ, Եմէնի, Եգիպտոսի Սինայի շրջանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Գաղտնիք չէ, որ Քաթարն ու Սէուտական Արաբիան Յորդանանի ու Թուրքիոյ հետ համագործակցելով, Սուրիոյ մէջ իսլամական եւ ընդդիմադիր ուժեր զինած ու ֆինանսաւորած են: Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի եւ զանազան լաւատեղեակ աղբիւրներու , խրուաթական պահեստանոցներէ մեծաքանակ զէնքեր Թուրքիոյ եւ Յորդանանի միջոցով Սուրիա մատակարարուած են Սուրիոյ դէպքերուն ընթացքին: Նաեւ, սուրիական վարչակարգին հակող աղբիւրներ քանի մը առիթներով յայտնած են, որ ընդդիմադիր զինեալները իսրայէլեան զէնքեր օգտագործած են: Թեթեւ տրամաչափի մեծաքանակ զէնքերու հոսքէն բնականաբար ՏԱՀԵՇ-ն ու այլ արմատական իսլամական զինեալ միաւորներ պիտի օգտուէին :

Բ) Միացեալ Նահանգներու
Իրաքեան Բակի Կռիւներ

Հետաքրքրականօրէն` Իրաքի անվտանգութիւնը Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու ուղղակի վերահսկողութեան տակ էր մինչեւ 2011-ի դեկտեմբեր ամիսը: 2003-2011 Միացեալ Նահանգներ յանձն առած էին փեշմերկայի եւ իրաքեան բանակի մարզումն ու մատակարարումը, որմէ ետք ալ ամերիկեան բանակը կ՛օժանդակէր նշեալ երկու զօրքերուն: 2003-2011 Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ զինեալ խմբաւորումը ստեղծուեցաւ ու գործելու սկսաւ: Ի դէպ, քննարկումի նիւթ է ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավար Ապու Պաքր  Պաղտատիի բանտարկութիւնը Իրաքի ամերիկեան «Պուքա» բանտը, որ իսլամական ծայրայեղականներու դարբնոց եղած է: Այլ խօսքով, ամերիկեան ռազմական ներկայութեան օրով այսօրուան Իրաքի մէջ ենթահողը հարթուեցաւ: Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը վայելող Մալիքիի կառավարութեան կողմէ բանեցուած լուսանցքայնացումը սիւննիներու հանդէպ եւ իրաքի զինուած ուժերուն անակնկալ եւ զարմանալի նահանջը Մուսուլի եւ Իրաքի արեւմտեան շրջաններէն` այլ հիմնական ազդակներ են Իրաքի մէջ պատահած զարգացումներուն:

Բնականաբար հոս քանի մը հարցականներ կը ծագին. եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրաքի անդորրութիւնն ու գերիշխանութիւնը կ՛ուզեն, ապա ինչո՞ւ զինուորապէս այնպէս չեն պատրաստած Իրաքի զինուած ուժերը վերջին տասնամեակին, որ ՏԱՀԵՇ-ի նման քանի մը հազար հաշուող զինեալ խմբաւորումի դէմ դիմանան ու չնահանջեն` իրենց դիրքերն ու իրենց ռազմական ծանր սարքերը ՏԱՀԵՇ-ին ձգելով : Իրաքեան ու քրտական դասական բանակներուն իսկական օդուժ չունենալը, նաեւ, հարցականներ կը ստեղծէ:

Գ) Իրաքեան Բանակի Ու Շիի
Ռազմուժի Անտարբերութիւնը 

Իրաքի բնակչութեան մօտ վաթսուն առ հարիւրը շիի է, որուն չնչին փոքրամասնութիւնը թիւրքմէններու եւ շապաքներու գլխաւորութեամբ Նինուէ նահանգին մէջ տեղակայուած է: Հոն շիիները փոքրամասնութիւն են սիւննիներու հաշուոյն: Երբ ՏԱՀԵՇ Պաղտատի կը մօտենար, շիիները զօրակոչ յայտարարեցին, եւ քաղաքայինները զինուած ու պատրաստուած բացայայտուեցան շիի շրջաններու մէջ: Զինուած շիի խմբաւորումները` քաղաքայիններէ կազմուած եւ իրաքի ապահովական ուժերը միասնաբար հսկայ մարդուժ կը կազմեն` ՏԱՀԵՇ-ը դիւրութեամբ գերազանցելով: Ուստի, ինչո՞ւ քաղաքական որոշում չկար այդ հսկայ ռազմուժը Նինուէ եւ Անպար նահանգի մէջ օգտագործելու: Ի դէպ, Նինուէի շիի թիւրքմէններն ու շապաքները, որոնք իրաքի «Շիիսթան»-ին աշխարհագրականօրէն հաղորդակից չեն,  ՏԱՀԵՇ-ի ջարդարարութեան զոհ դարձան:

Դ) Յարատեւ Պառակտումներ

Արաբական ու իսլամական աշխարհի մէջ միշտ հաւաքական տարր մը բաժանելի է` գաղափարախօսական, աստուածաբանական, քաղաքական թէ նեղ աւազակախմբային նկատառումներով: Եւ այս բաժանումին  իրողութիւնը արաբական եւ իսլամական աշխարհի մէջ «Բաժնէ՛ որ տիրես»-ի հին սկզբունքին գործադրութիւնը չէ՞ արդեօք, որ նոյն տոհմի զաւակները կ՛երկպառակէ` իբրեւ հետեւանք արհեստական եւ անհիմն վէճերու: Իսլամութեան մօտ ութսուն առ հարիւրը ներկայացնող սիւննի  աշխարհը այնքան բաժանելի է, որ դադրած է միասնական ինքնութիւն ըլլալէ: Դիմացը` շիիները, որոնք քսան առ հարիւրն են, շատ աւելի միաբան եւ կազմակերպուած են, հակառակ անոր որ անոնց մէջ ալ հազուադէպ պարագաներու ներքին խլրտումներ ու հակամարտութիւններ կը ծագին, թէկուզ` փոքր տարողութեամբ: Սիւննիներու պարագային արդէն իսկ գլխաւոր չորս տարբեր աստուածաբանական արեւելում ունեցող դպրոցներ կան` շաֆիհի, հանպալի, մալիքի եւ հանաֆի, ինչպէս նաեւ` տարատեսակ աղանդ-ճիւղաւորումներ, ինչպէս` սուֆիութիւնը: Բացի ասկէ, «սիւննի պետութիւնները» միաբան չեն եւ յաճախ վէճեր կան անոնց միջեւ, նոյնիսկ` երբեմն նոյն առանցքին պատկանող երկիրներու միջեւ. Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ օրինակը թարմ է տակաւին: Առաւել, քաղաքականօրէն կան չափաւորներն ու ծայրայեղական իսլամականները: Վերջիններս կը բաժնուին իսլամ եղբայրներու եւ սալաֆական-ուահապիականներու: Վերջիններս իրենց կարգին բազմաթիւ ինքնագլուխ շերտերու բաժնուած են : Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ նոյն դաւանանքին եւ նոյն մոլեռանդ գաղափարախօսութիւններուն հետեւող զինեալ խմբաւորումները` ՏԱՀԵՇ եւ Նուսրա, իրարու ոխերիմ թշնամիներ են: Առաջինը` Պաղտատի կոչեցեալին գլխաւորութեամբ, որ ըստ զանազան աղբիւրներու, Իրաքի Տիալա շրջանի զաւակ է, իսկ երկրորդը` Ժուլանիի գլխաւորութեամբ: Նուսրան Սուրիոյ արեւմտեան շրջաններուն մէջ աւելի գործուն է , իսկ ՏԱՀԵՇ-ը Անպար նահանգի երկայնքով տիրապետող ուժ է, Իրաքի մէջ մեծ տարածքներ ձեռք ձգած` մինչեւ Տէր Զօր ու Ռաքքա եւ վերջերս հասնելով Հալէպի նահանգ: Ներկայիս Սուրիոյ մէջ կան տասնեակներով զինեալ խմբաւորումներ, որոնք ընդհանրապէս մոլեռանդ հաւատադրժողական-ժիհատական են: Այս ուժերուն միացումով հսկայական բանակ մը կը կազմուի, սակայն այլեւայլ պատճառներով անոնք, միանալու փոխարէն, երբեմն զիրար կը մաքրագործեն ու կը հարուածեն` ի նպաստ քիւրտերու ժողովրդական պաշտպանութեան վարչութեան եւ Սուրիոյ բանակին: Ուրեմն պառակտումի եւ ապակեդրոն գործունէութեան մշակոյթը տիրական է Նոր Միջին Արեւելքի սիւննի աշխարհին մէջ:

Ե) Ամերիկա Եւ Իրան Թշնամինե՞ր

Միացեալ Նահանգներ ու Իրան հրապարակաւ իրարու հանդէպ թունդ թշնամանք ցուցաբերած են վերջին տասնամեակներուն` տարածաշրջանային բազմաթիւ թղթածրարներու շուրջ գոյացած հակառակութիւններուն պատճառով: Մինչդեռ, ուժանիւթային Իրաքի մէջ երկուքին քաղաքական շահերը կը համընկնին, եւ անոնք Իրաքի նորածին պետութեան երկու հովանաւոր ծնողները կը նկատուին:

Զ) Քիւրտիստանի Սահմաններու Ընդլայնում-
Հեռանկար Մեծ Քիւրտիստանի-Փեշմերկա
Եւ ՔԱԿ Զինակիցներ

ՏԱՀԵՇ-ի իրաքեան վերջին յառաջխաղացքէն ետք քրտական իրականութիւնը ռազմավարական նորութիւններու բեմ դարձաւ: Առ այդ , փեշմերկան եւ ՔԱԿ-ը զինակցեցան իրենց եղբայրներուն` եզիտիներուն (հողերուն) փրկութեան սիրոյն : Ասկէ անդին , քրտական զինեալ ուժերը յառաջացան ու համապատասխանօրէն` Նինուէ, Տհուք, Սալահէտտին, Քերքուք, Էրպիլ, Տիալա եւ Ուասիթ մարզերուն մէջ մուտք գործեցին այն շրջանները, որոնք Իրաքի կեդրոնական կառավարութեան եւ Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար կառավարութեան միջեւ վարչատարածքային երկարատեւ պայքարի առարկայ էին` բաւականին ընդլայնելով իրենց հողատարածքը: Ըստ իրողութիւններուն, միացեալ ու հզօր Քիւրտիստանի հեռանկարը արդէն իսկ գործադրութեան ընթացքի մէջ է:

Է) Յետադիմական Ազգ-Պետութիւն

Նախատեսուած քրտական, շիիական եւ սիւննիական պետութիւնները, որոնց անդրադարձած էր ամերիկացի գնդապետ Ռալֆ Փիթըրզի քարտեսը, կազմութեան ընթացքի մէջ են` ըստ երեւոյթին: Քրտական, շիիական եւ սիւննիական  տարածաշրջանային ազդեցութեան բարձրացման զուգընթաց, բոլոր փոքրամասնութիւնները, որոնք երամէն դուրս կը ծլուըլան, ինչպէս` քրիստոնեաները, շապաքները, եզիտիները (թէեւ փեշմերկան փութաց անոնց օգնութեան), շիի թիւրքմէնները, եւ այլն, քաղաքական հաշիւներէն դուրս են: Քրիստոնեաներու դէմ ի գործ դրուած հալածանքները, հիւսիսային ու արեւելեան Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած կրօնական խտրութիւնը, Սինճարի դէպքերը, շիի թիւրքմէններու եւ շապաքներու դէմ գործուած ցեղասպանական բռնարարքները խօսուն ապացոյցներ են, որ Նոր Միջին Արեւելքի մէջ համակեցութիւնը պիտի զիջի միատարրութեան:

Ը) Թրքութիւնը Կը Զիջի Իսլամականութեան

Թիւրքմէնները պատմականօրէն միշտ թրքական կառավարութիւններու համազգային անվտանգութեան մասնիկ եղած են: Անոնք էին սելճուքեան եւ օսմանեան կայսրութիւններուն ռազմական հիմնադիրներն ու պահապանները, որոնց շնորհիւ ներկայ Թուրքիոյ իսլամ զանգուածը թուրք կոչուեցաւ եւ թրքական ինքնութիւն ստացաւ: Այսօր, Թուրքիոյ պետութիւնը` Էրտողանի իսլամական թղթապանակի հետապնդումով, իսլամութիւնը կամ կրօնականութիւնը կը գերադասէ թրքական ազգայնականութենէն: Երբ Իրաքի հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն մէջ շիի թիւրքմէնները ՏԱՀԵՇ-ի եւ սիւննի թիւրքմէններու կողմէ ջարդի ու բռնարարքի ենթարկուեցան, Էրտողանի պետութիւնը, որ քառասունինը քաղաքացի պատանդ ունի ՏԱՀԵՇ-ի մօտ, ոչ մէկ քայլ առաւ թիկունք կանգնելու իր լեզուակից շիիներուն:

Թ) Էրտողան-Օճալան-Պարզանի

Օրին ՔԱԿ-ի եւ թրքական պետութեան միջեւ կնքուած հրադադար-համաձայնութիւնը հարցադրումներու դուռ բացած էր: Սոյն համաձայնութեան յաջորդող ժամանակահատուածին քիւրտերը Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ ամրակայեցին իրենց դիրքերը եւ ռազմական հզօր խաղացող դարձան Թուրքիայէն դուրս: Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ վերջերս պարզուած քրտական հոլովոյթին համաձայն, բնականաբար, Էրտողանի եւ Պարզանիի ուժանիւթային յարաբերութիւնը անարձագանգ պիտի չմնար:

Ժ) Ծպտեալ Գործիք

Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրին իրականացման լաւագոյն ծառայողը եթէ ՏԱՀԵՇ-ը չէ , ապա ո՞վ է: Քարիւղային ամբարներ ձեռք ձգած հարուստ ՏԱՀԵՇ-ն ու իր քոյրերը ժողովրդագրական մաքրազտում կը գործադրեն ` բռնութեամբ դուրս շպրտելով այլադաւան փոքրամասնութիւնները եւ միատարր դարձնելով իրենց տիրութեան վայրերը(Տէր Զօր, Ռաքքա, Անպար եւ այլն): Անոնք նաեւ Իրաքի «շիիաշունչ» կառավարութեան եւ Սուրիոյ «ալեւի-աշխարհիկ» պետութեան միջեւ աշխարհագրական արգելապատնէշ դարձան` խոչընդոտելով «շիիական մահիկ»-ի երկարումը, որ համաշխարհային առանցքային խաղերուն մէջ մեծ նշանակութիւն ունի: Թերեւս ՏԱՀԵՇ-ը ուժգին հարուած կը ստանայ ու կը վերանայ, սակայն ժողովրդագրական եւ ենթակառուցային իրականութիւնը յոյժ դժուարութեամբ կը փոխուի: Այսպիսով, ՏԱՀԵՇ-ը հող հարթած կ՛ըլլայ աւելի չափաւորական սիւննի ուժերու, որոնք ամերիկեան առանցքին հովանաւորութեամբ կրնան փոխարինել իրենց վայրագ ու յետադիմական դաւանակիցը:

Ուրեմն, «Նոր Միջին Արեւելք»-ի մէջ նորանոր անուանումներ ու խմբաւորումներ կը յայտնուին. նոր պետութիւններու կազմութիւն, նոր քարտես, ուր Իսրայէլը իր տարածաշրջանային գերակայութիւնը կ՛ապահովէ այլոց ձեռամբ: Մինչ այդ տեղաբնիկ հին ժողովուրդներուն ճակատագրական քարտեսը ո՞վ պիտի գծէ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES