Հայրենապաշտպանութեան Մերօրեայ Մեծագոյն Խնդիրը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեր պատմութեան մեծագոյն ճակատամարտերէն մին կրնանք կորսնցնել, եթէ ազգային իրաւ, ո՛չ ձեւական, ո՛չ ալ ճառախօսական, ազգային գաղափարախօսութեամբ չվերականգնին զանգուածները:

Բացառիկ պարագաներով ազգ եւ հայրենիք չեն պահուիր:

Այսօր, հաւաքաբար, հայրենապաշտպանութեան եւ հայրենապահպանման խնդիր ունինք: Նման խնդիր կ՛իրականացուի ներկայութեամբ: Հող-հայրենիքը բնակիչով կը պահուի: Այսքանը հասկնալու համար աւելորդաբանութիւններու կարիք չկայ: Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, նաեւ Վրաստանէն (ոչ դէպի Հայաստան կամ Արցախ) տեղի ունեցած եւ շարունակուող արտագաղթը հայրենապաշտպանութեան եւ հայրենապահպանման համար ներկայութեան հակառակ աւերիչ ընթացք է:

Սփիւռքահայերու եւ նոր սփիւռքացողներու զբօսաշրջային երթեւեկը զգացական, թերեւս ալ բարոյական բաւարարութիւն կ՛ընծայէ անհատներու, նոյնիսկ երբ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կը քաջալերուի, մարդորսական կամ շահախնդրական միտումներով, բայց կրակ հովահարելու մակարդակին կը մնայ: Թերեւս ան կրնայ դասուիլ տնտեսական քաղաքականութեան մէջ, բայց ոչինչ ունի հայրենապաշտպանութեան եւ հայրենապահպանման իրաւ քաղաքականութեան իրականացման մէջ:

Ազգային-քաղաքական վերաբերում ճշդելու համար չենք մեկնիր հայկական տարածքներու բնակուածութեան ուսումնասիրուած տուեալներէն, եւ մեր ուժերը կը մսխենք մրցակցութիւններու թոհուբոհին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ հայերով բնակուած են, ճիշդ է, բայց ի՞նչ է բնակչութեան խտութիւնը ընդհանրապէս եւ ի՞նչ է խտութիւնը ըստ մարզային բաժանումներու:

Միշտ ըսած եմ, որ թիւերու լեզուն վիճելի չէ, եւ այդ թիւերը լաւագոյն դարմանն են ամբոխավարութեան եւ զգացումներու շահագործման դէմ: Թիւերը մեզ դուրս կը բերեն ենթակայական ոլորտէ եւ խնդիրները քննելու համար կարելի կ՛ըլլայ որդեգրել առարկայական վերաբերում, որ ցաւցնող է յաճախ, բայց կը դադրինք ինքնախաբէութիւնը քաղաքականութիւն համարելէ, կամ այդ ինքնախաբէութիւնը այլ նպատակներու ծառայեցնելէ, օրինակ, այլազան տեղայնութիւններու, հատուածականութիւններու, անհատական շահերու եւ դիրքերու:

Ի՞նչ էր Հայաստանի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան թիւը անկախութեան վերատիրացման նախորդող ժամանակաշրջանին եւ ի՞նչ է այսօր, ի՞նչ պէտք է ըլլար այդ բնակչութեան թիւը` նկատի առնելով բնական աճի տոկոսը: Նոյն հարցումով պէտք է առաջնորդուիլ Արցախի եւ ազատագրուած տարածքներու հարցով:

Երբեմն, կամ յաճախ, լսեցինք վերաբնակեցման մասին: Բայց ունի՞նք այդ ուղղութեամբ իրաւ քաղաքականութիւն եւ կազմակերպութիւն, Հայաստան, Արցախ, սփիւռք(ներ): Խօսքը չի վերաբերիր մանրիկ նախաձեռնութիւններու, անկասկած օգտակար, բայց անբաւարար` բնակեցման իսկական քաղաքականութեան մը արդիւնաւէտ եւ ապագայատես յաջողութեան: Սկսելու համար, մեկնումները փոխարինուեցա՞ն նորերով: Եթէ արտահոսքը շարունակուի, ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները քսան, երեսուն, յիսուն կամ հարիւր տարի ետք:

Ոչ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ո՛չ Արցախ, ո՛չ ալ սփիւռք(ներ)ի մէջ չունեցանք վերադարձի փիլիսոփայութենէ ներշնչուած իսկական քաղաքականութիւն` ղեկավարութիւններու եւ զանգուածներու մակարդակին: Նաեւ, հայրենաբնակ ժողովուրդը հոգեպէս պատրաստ չէ կարծէք ընդունելու հայրենադարձութեան գաղափարը, եթէ իրատեսութեամբ դիմաւորենք ոչ պաշտօնական վերաբերումները: Շատեր կը խորհին, որ դուրսէն եկողները անպայման հարուստներ են, եւ կը պատահին յաճախ տխրեցնող երեւոյթներ: Պետական մակարդակով հայրենիք վերադառնալու փափաք ունեցողներու դիւրութիւններ չեն ընծայուիր, լուսաբանութիւններ տուողներ եւ նախաձեռնութիւններու նպաստողներ չկան:

Իսկ սփիւռք(ներ)ի պարագային իսկական քաղաքականութիւն չկայ հայրենադարձութեան գծով, հակառակ անցեալի եւ ներկայի ուռուցիկ ճառերուն, որոնք կը ծառայեն տեղական սպառման: Ինչո՞ւ սփիւռք(ներ)ի կազմակերպութիւնները չեն առաջադրեր Հայաստան եւ Արցախ վերադարձը կազմակերպելու քաղաքականութիւն եւ իրենց գործունէութեան տեղեկագիրներուն մէջ չեն արձանագրեր, որ այդ տարուան ընթացքին օժանդակած են իրականցնելու համար որոշ թիւով անհատներու եւ ընտանիքներու հայրենադարձութիւնը (որ զբօսաշրջութենէն տարբեր որակ է):

Մի՞թէ կարիք կայ յիշեցնելու, որ այսօրուան եւ վաղուան զանազան բանակցութիւններու ընթացքին նկատի պիտի առնուի բնակչութիւնը, որ պիտի ներկայանայ որպէս իրաւատէր բնիկ: Աղէտ-արտագաղթը եւ բնակեցման իսկական քաղաքականութեան մը բացակայութիւնը հայրենապաշտպանութեան եւ հայրենապահպանման հակառակ ընթացք են, որուն համար տրուած արդարացման բացատրութիւնները քաղաքական շահերու պաշտպանութեան կեղծիքներ են:

Պիտի կարենա՞նք մեր մրցակցութիւնները եւ շահախնդրութիւնները, փառասիրութիւնները փոխարինել իսկական հայրենադարձութեան փիլիսոփայութեամբ եւ արդիւնաւէտ նախաձեռնութիւններով, որոնք չըլլան ազգային գաղափարախօսութեան չառնչուող եւ բան չնշանակող աղմկարարութիւններ:

Կողմնապաշտութիւններէ անդին` ունի՞նք զանգուած եւ մտաւորականութիւն, որ աւլէ աղմկարարութիւնները` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք(ներ):

Ղեկավարութիւնները, վաղուան հեռանկարով, կրնա՞ն կազմակերպել ազգի վերականգնումի իրաւ եւ համաժողովրդական հայրենադարձութիւնը: Զանոնք հայրենադարձութեան իրականացման չափանիշով պէտք է դատել:

22 յունիս 2013, Պիքֆայա

 

 

Share this Article
CATEGORIES