Պարը Իմ Տարերքն Է, Իմ Զէնքը…» (Հարցազրոյց Հայրենի Սիրուած Պարող Յարութիւն Թոփալիտիսին Հետ)

Հարցազրոյցը վարեց եւ խմբագրեց` ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

RA_Harutyun-Topalidis-2Այս օրերուն, երբ հայրենիքի սահմաններուն վրայ գերլարուած իրավիճակ կը տիրէ, երբ հայ զինուորը զէնքը ձեռքին շարունակ կը կասեցնէ հրոսակներուն յարձակումները, արուեստներու քաղաք Երեւանին մէջ կը հանդիպինք պաստառներու` հետեւեալ գրութեամբ. «Իմ զէնքը իմ երգն է» կամ` «Իմ զէնքը իմ գրիչն է»… Այո՛, զէնք են նաեւ գրիչը, երգը, թատրոնը, պարը…

1989-ին ծնած, 2005-ին Երեւանի թիւ 135 դպրոցի շրջանաւարտ ապա Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի պարարուեստի մանկավարժութիւն բաժինը աւարտած Յարութիւն Թոփալիտիսին համար պարը իր տարերքն է, իր զէնքը…

Ռ. Ա.- Զինուորական ծառայութեան տարիները արդեօք չխանգարեցի՞ն ձեր մասնագիտական յառաջընթացը:

Յ. Թ.- Ճի՛շդ հակառակը… 2009-ին աւարտելով համալսարանը` անմիջապէս զօրակոչուեցայ հայոց բանակ: Երկու տարիներու ընթացքին իրական զէնք բռնեցի միայն երդման արարողութեանս ժամանակ: Անմիջապէս ընդգրկուեցայ Հայաստանի Սպայի տան «Սարդարապատ» ռազմա-հայրենասիրական պարի համոյթին մէջ` որպէս պարող, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, պարուսոյց Մուրատ Յակոբեանը: «Սարդարապատը» Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ, բազմիցս ելոյթներով ներկայացած է մեր զոյգ հանրապետութիւններու զօրամասերուն, ինչպէս նաեւ հանրութեան… Հեղինակաւոր համոյթին մէջ յաճախ կը պարէի պաշտօնական ձեռնարկներու, տօնական ձեռնարկներու, երդման արարողութիւններու ժամանակ…

Հայոց բանակը մեծ դպրոց մըն էր ինծի համար:

Ռ. Ա.- Հետեւաբար դժուար չեղաւ անցումը քաղաքացիական կեանքին:

Յ. Թ.- Բանակին մէջ իմ ելոյթներս հովանաւորուած էին: Անուանի վարպետի դպրոցէն ետք ես կեանք մտայ կատարելագործուած, մեծ փորձառութիւն ձեռք բերած: Այժմ պէտք է ես կերտէի իմ ուղիս: Գտայ իմ կեանքի կէսը` պարուհի Քնարիկ Կարապետեանը, ապա ընդունուեցայ լատինամերիկեան եւ եւրոպական պարերու «Արսենալ քլապ», որուն կազմին հետ հիւրախաղերով հանդէս եկայ Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ կու տան հիւրախաղերը պարող արուեստագէտին:

Յ. Թ.- Հիւրախաղերը աշխարհին հետ քայլ պահելու եւ կատարելագործելու մեծ հնարաւորութիւն կու տան: Տարբեր բեմեր, օտար հանդիսատես, մրցումներ, փորձի փոխանակութիւն, վարպետաց դասեր… սակայն այս բոլորը «թանկ հաճոյք» են, ստիպուած ես շարունակ հովանաւոր փնտռել:

Ռուսական պարի դպրոցը շատ զօրաւոր է, այնտեղ անթիւ պարող զոյգեր կան: Հայաստանի մէջ թէեւ պարարուեստի այդ ճիւղին հետեւող բազմաթիւ երեխաներ ունինք, սակայն հասուն տարիքի պարողներէն մնացեր ենք չորս կամ հինգ զոյգ:

Ռ. Ա.- Յաջողութեան հասնելու համար աւելի շատ ճակատագրի բարեհաճութի՞ւն է պէտք, թէ՞ պայքար:

Յ. Թ.- Թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը: Ես ազգութեամբ կէսով չափ յոյն, կէսով չափ հայ եմ, սակայն աւելի հայ կը զգամ: Այսքանին համար պարտական եմ ճակատագրիս: Հին յունական դասականները մեծ կարեւորութիւն կու տային ճակատագրին, կամ դիպուածին, սակայն ես աւելի կը հաւատամ ճակատագիրը սեփական ձեռքերով կերտելու հայկական իմաստութեան:

Ռ. Ա.- Ներկայիս արտագաղթը արդեօք ճակատագի՞ր է մեզի համար, թէ՞ հայկական իմաստասիրական ոգիի պակաս:

Յ. Թ.- Արտագաղթը, եթէ անգամ մեր ճակատագիրն է, ապա պէտք է ահազանգ հնչեցնել, պայքարիլ այդ աղէտին դէմ: Մենք շրջապատուած ենք արտաքին վտանգներով, սակայն առաւել վտանգաւոր է մեր երկրին ներքին վիճակը: Այս երկիրներուն մէջ իշխանութիւնները կը ծառայեն ժողովուրդին, իսկ մեզ մօտ հակառակն է. ժողովուրդը իր կամքէն անկախ յայտնուած է ծառայի, ոմանք ալ ստրուկի կարգավիճակին մէջ: Իմ մասնագիտութեանս մէջ շորթելու բան չկայ, սակայն կը ցաւիմ այլոց համար: Ոչ ոք երջանիկ կ՛ըլլայ, եթէ երջանիկ չեն բոլորը»: Շուրջս ամայանալու սկսած է, հետզհետէ կ՛աւելնայ մութ պատուհաններուն թիւը: Հարազատ ամէն մէկ անձ կարծես երջանկութեանս հաշուոյն կը հեռանայ: Գաղթողները չեմ քննադատեր, սակայն ես պատրաստ չեմ բռնելու պանդխտութեան ուղին: Կը տագնապիմ տակաւին չծնած զաւակներուս համար:

Ռ. Ա.- Երբեւէ առիթ ունեցա՞ծ էք երկրէն հեռանալու:

Յ. Թ.- Երկու անգամ մեկնած եմ Պելճիքա, սակայն չեմ կրցած յարմարիլ օտար միջավայրին:

Պարային բեմադրութիւններու համար պարբերաբար հրաւիրուած եմ Իրանի` Արուս Աւագեանի ղեկավարած «Կակաչ» պարախումբ, եղած եմ Հոլանտա, Տուպայ, Փարիզ… ճակատագիրը ամէնուր իմ առջեւս փռած է աշխարհի շլացուցիչ հրապոյրները, սակայն չէ կրցած մեղմել իմ ծուռ ու շիտակ, բազում թերութիւններով լի` Հայաստանի կարօտս: Այստեղ ես ունիմ համեստ բնակարան, կին, աշխատանք… կ՛ապրինք ծնողներուս հետ` խաղաղ, ներդաշնակ կեանքով: Շուրջս բազում հոգեր ալ կան, սակայն կեանքը կարճ է, հարկաւոր է թեթեւ ապրիլ:

RA_Harutyun-TopalidisՌ. Ա.- Բազում հոգերը չե՞ն խանգարեր արդեօք լիարժէք, ստեղծագործական կեանքը:

Յ. Թ.- Ամէն պարագայի պէտք չէ կորսնցնել յոյսը: Եթէ երկրի ամէն քաղաքացի իր գործը լաւ կատարէ, ամէն ինչ կը փոխուի:

Ներկայիս, մեծագոյն եռանդով կ՛աշխատիմ Արինա Արարատեանի «Պարի թատրոն»-ին մէջ` որպէս պարուսոյց:

Մեր հայրենակից Կրեկորի Սեդրակեանի ամերիկեան M Dance Studio-ին հայաստանեան մասնաճիւղին մէջ տարբեր տարիքի անձերու կը դասաւանդեմ լատինամերիկեան պարեր, ինչպէս նաեւ` մարմնի աւելորդ ծանրութիւնը կորսնցնել կամեցող մեծահասակներուն` ֆիթնես տենս (Zumba): M Dance սթիւտիոն մասնաճիւղեր ունի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, որոնցմէ մէկն ալ, եթէ չեմ սխալիր, Լիբանան է:

Ռ. Ա.- Ինչպէ՞ս կը վերագտնէք ձեր ուժերը ծանր պարապմունքներէն ետք:

Յ. Թ.- Ամէն մարդ կրնայ ուժասպառ ըլլալ իր մասնագիտութեան մէջ, սակայն վստահաբար իւրաքանչիւրը ունի ուժերը վերագտնելու իր գաղնիքը:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ են «Շանթ» հեռուստաընկերութեան կազմակերպած, «Պարահանդէս» խորագիրը կրող ամէնամեայ մրցոյթին պայմանները եւ ի՞նչ կու տայ ձեզի այդ մրցոյթը:

Յ. Թ.- Այդ ծրագրին մէջ մասնագէտ պարողներս հանդէս կու գանք սիրողական մակարդակի զուգընկերոջ հետ: Իւրաքանչիւր շաբաթ սկսնակ պարողին հետ զուգապար մը կը պատրաստենք: Կիրակնօրեայ մեր ելոյթները կը գնահատուին դատական կազմի նիշերով եւ ակնդիրներու հաղորդագրութիւններով: Իւրաքանչիւր շաբաթ նուազագոյն նիշեր հաւաքած զոյգը կը լքէ նախագիծը: Թէեւ «Պարահանդէս երրորդ»-ին, Ռուսիոյ դաշնութենէն ժամանած Սանդուխտ Մաթեւոսեանին հետ մենք ճանչցուեցանք յաղթող, սակայն ինծի համար նուիրական էր «Պարահանդէս առաջին»-ը, ուր կը պարէի հայ սուփըր սթար Սուսաննա Պետրոսեանին հետ: Նախագիծը ինծի կը բերէ մեծ ճանաչում, որուն շնորհիւ կրնամ աւելի լայն գործունէութիւն ծաւալել: Պայման չէ յաղթել: Շնորհակալ եմ «Շանթ»-ին` այս գեղեցիկ նախագծին մշտական մասնակցութեանս համար:

Ռ. Ա.- Ո՞վ է արդեօք սիրուած պարողին առաջին ուսուցիչը:

Յ. Թ.- Առաջին ուսուցիչս մայրս էր, որ իր անկատար երազանքը փորձելով իրագործել իմ կեանքիս մէջ` 2002-ին ստիպելով տարաւ զիս պարի դպրոց: Հետագային շատ բան սորվեցայ «Արսենալ քլապ»-ի «Սարդարապատ»-ի պարի թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարներ Արսէն Մելքոնեանէն, Մուրատ Յակոբեանէն, Արինա Արարատեանէն, պարող գործընկերներէս Պետրոս Աֆարեանէն, Կէորկի Պապայեանէն, Արմէն Մկրտիչեանէն, որոնց հետ 2013-ին ստեղծեցինք «Universal dance sho grup»-ը: Կը սորվիմ նաեւ աշակերտներէս, կեանքէն: Չէ՞ որ պարը անմիջականօրէն կապ ունի կեանքին հետ: Պարը կեանքին մէջ կատարուող իրադարձութիւններու խտացումն է: Ամէն շարժում պար չէ, իսկ ամէն պար շարժում է, խօսք, լուռ խօսք:

Ռ. Ա.- Ձեր պարատեսակին մէջ տարիքային սահմանափակում կա՞յ պարողին համար:

Յ. Թ.- Ամէն ինչ ունի սկիզբ, զարգացում եւ աւարտ: Պէտք է զգալ պարին հրաժեշտ տալու, մանկավարժական գործունէութեան անցնելու, ապա ատկէ ալ հեռանալու ճիշդ ժամանակը, սակայն արժանթինեան թանկոն, թերեւս միակն է, որ կարելի է պարել մինչեւ խոր ծերութիւն:

Պարուհի կնոջս հետ շարունակ կը սերտենք, կը պարենք ու կը դասաւանդենք այդ խորհրդաւոր պարատեսակը:

Ռ. Ա.- Գերյագեցած ստեղծագործական առօրեայով ապրող պարողը ունի՞ արդեօք չիրագործուած երազանքներ:

Յ. Թ.- Երազանքս է հիմնել, այլազան պարաոճերով, իմ սեփական դպրոցը, որակեալ ուսուցչակազմով, երեխաներուն մանուկ հասակէն հասցնել մինչեւ հասուն տարիքի, մինչեւ արհեստավարժ համոյթներ:

Ներկայիս կայ եռանդ, կան լուսաւոր ծրագիրներ, սակայն նիւթական միջոցներ չկան:

Ռ. Ա.- Երբ օր մը ըլլան այդ միջոցները, թերեւս համապատասխան եռա՞նդը չըլլայ:

Յ. Թ.- Ամէն պարագայի, կը հաւատամ երազանքիս իրագործման:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ կը փոխանցէք «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն:

Յ. Թ.- Ինքս ալ «Ազդակ»-ի ընթերցող եմ:  Ելեկտրոնային եղանակով պարբերաբար կը ծանօթանամ «Սփիւռքի  մայրաքաղաք»-ին, անոր մշակութային կեանքին, առօրեային ու հոգսերուն:

Դժուարին օրերուն դիմաց, լուսաւոր հաւատքով, «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն կը մաղթեմ տոկուն կամք եւ համբերութիւն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )