Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ, որոնց կարգին վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` Հաշեմ Հայտար, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21 նոյեմբերին Ռիատի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունենալիք Արաբական ֆութպոլի ֆետերասիոնի 21-րդ համագումարին:
Որոշուեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարել բարեսիրական նպատակի համար` Լիբանանի եւ Ալճերիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջեւ, 7 կամ 8 հոկտեմբերին, Լիբանանի մէջ:
23-24 սեպտեմբերին, «Կոլտըն Թիւլիփ Կալերիա» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) տեղի պիտի ունենան մրցումներուն հսկող (տեղական գետնի վրայ) յատուկ դասընթացք-քննութիւններ: Այս քննութիւններուն մասնակցելու համար կարելի է դիմել մինչեւ 22 սեպտեմբեր:
Ֆետերասիոնը վաւերացուց Նըժմէի արձանագրած արդիւնքը, որ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաֆայի, տիրացաւ ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Վաւերացուեցան նաեւ փոքրերու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնց կարգին Ահտի յաղթանակը (3-2)` ՀՄՄ-ի նկատմամբ (Բ. խմբակ):
Ինչ կը վերաբերի երիտասարդներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ախա Ահլի Ալէյէն:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին, 6-րդ հանգրուանին գծով ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներու խումբը մրցում չունի կատարելիք:
Նըժմէ ակումբը մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ անոր համակիրները Սաֆայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին գտնուեցան անկարգապահ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Մկրտիչ Խուրշիտեան, որ Ախա Ահլի Ալէյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ, մէկ մրցումով կախակայուեցաւ շարք մը այլ մարզիկներու նման:
Իսկ Ախա Ահլի Ալէյի պատասխանատուներէն Պասեմ Շըհայեպ վեց ամիսով կախակայուեցաւ` իրաւարարին հայհոյած ըլլալուն համար:

