«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Պարսելոնա Արձանագրեցին Դժուար Յաղթանակներ

Ժերար Փիքէ կը նշանակէ Պարսելոնայի կոլը

Ժերար Փիքէ կը նշանակէ Պարսելոնայի կոլը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ մրցումներ` Ե., Զ., Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ:

Պայէրն Միւնիխ արձանագրեց դժուար յաղթանակ մը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մանչեսթըր Սիթին: Մրցումին վերջին վայրկեանին, Ժըրոմ Պոաթենկ նշանակեց Պայէրնի կոլը:

Նոյն արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պարսելոնա` Ափոյել Նիկոսիոյ դէմ, շնորհիւ Ժերար Փիքէի նշանակած կոլին (28-րդ):

Փորթօ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց ՊԱԹԷ Պորիսովը: Եասին Պրահիմի հեթրիք մը իրագործեց (5-րդ, 32-րդ եւ 57-րդ):

Տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Ա. Էս. Ռոմա` 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մոսկուայի Բանակայինները:

Մնացեալ չորս ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ե. ԽՄԲԱԿ
Պայէրն Միւնիխ – Մանչեսթըր Սիթի 1-0
Ա. Էս. Ռոմա – Մոսկուայի բանակայիններ 5-1
Զ. ԽՄԲԱԿ
Այաքս Ամսթերտամ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 1-1
Պարսելոնա – Ափոյել Նիկոսիա 1-0
Է. ԽՄԲԱԿ
Չելսի – Շալքէ 1-1
Մարիպոր – Սփորթինկ 1-1
Ը. ԽՄԲԱԿ
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Շախտիոր Տոնեցք 0-0
Փորթօ – ՊԱԹԷ Պորիսով 6-0
Share this Article
CATEGORIES