«Ջուլֆալակեան Եւ Ալեքսանեան Անցեալին Նոյնը Ըրին Երիտասարդներու Պայքարին» Ըսաւ Հրաչեայ Ռոստոմեան
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի գլխաւոր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, որ ներկայ եղաւ նախորդ շաբաթավերջին Թաշկենտի մէջ աւարտած ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան, երէկ յատուկ հանդիպում մը ունենալով մարզական լրագրողներուն հետ, բաժնեց իր տպաւորութիւնները:
Անոր կարծիքով, յունահռոմէական ոճին մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ յաջողութիւնը պայմանաւորուած է անով, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն եւ ըմբշամարտի ֆետերասիոնը միասին լաւ կը համագործակցին:
«Մեզի նման փոքր երկիրներուն մէջ այս երեք կառոյցները պէտք է համախմբուած ըլլան: Ահա, արդիւնքը կը տեսնէք` աշխարհի երկու ախոյեան», ըսաւ ան:
Գլխաւոր քարտուղարը ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանի հաւաքականը այսքանով պէտք չէ բաւարարուի, որովհետեւ ակնկալիքներ կան նաեւ մնացեալ դասակարգերէն ալ:
Խօսելով ազատ ոճի հաւաքականի անյաջողութեան մասին` Հրաչեայ Ռոստոմեան նշեց, որ պէտք չէ միայն մեղքը դնել գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեանի վրայ:
«Երէկ ես կարդացի, որ Արայիկ Պաղտատեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը վերցուցած է իր վրայ, բայց ես այդպէս չեմ կարծեր: Յետադարձ ակնարկ մը նետելով կը տեսնենք, որ եթէ երիտասարդներու պայքարին մետալներ չենք ունեցած, ապա ուշ կամ կանուխ մեծերու հաւաքականը նման խնդիրներ պիտի ունենայ: Ահաւասիկ Արսէն Ջուլֆալակեանը եւ Արթուր Ալեքսանեանը դարձան աշխարհի ախոյեան: Անոնք նոյնը կատարեցին անցեալին` երիտասարդներու պայքարին», ըսաւ ան:
Հրաչեայ Ռոստոմեան իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ խօսելով 2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասին ըսաւ.
«Եթէ կ՛ուզենք լաւ արդիւնքներ արձանագրել, ապա պէտք է մտածենք մարզիկներ հրաւիրելու մասին: Նաեւ, մարզիչները պէտք է աւելի արդիւնաւէտ աշխատին: Մեր ակնկալութիւնն է, որ Հայաստան 2016-ի ողիմպիականին ապահովէ 22-էն 24 ուղեգիր` 8-9 մարզաձեւերէ: 7 ուղեգիր պէտք է նուաճեն ծանրաբարձները, որոնք նոյեմբերին հանդէս պիտի գան աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն»:

