ԿԵՆՔԻԻ ԲԵՐԴԱՊԱՀ ՔՈՒՐԹՈՒԱ ՄԻԱՑԱՒ ՉԵԼՍԻԻ

Թհիպօ Քուրթուա

Պելճիքայի ախոյեան Ռասինկ Կենքիի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող պելճիքացի 19 տարեկան բերդապահ Թհիպօ Քուրթուա իր կազմը լքելով միացաւ Չելսիի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անոր փոխանցումը լոնտոնեան կազմին արժեց 9 միլիոն եւրօ: Ան հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:

Երեք անգամ Պելճիքայի ախոյեան հանդիսացած Կենքի պատասխանատուները ըսին, որ իրենց ամէն կարելին ըրին պահելու համար իրենց մարզիկը, բայց չյաջողեցան իրենց նպատակին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES