«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ» – ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ԵՐԿԻՐԸ` ԱՐԺԱՆԹԻՆ, ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ – ՍԵՐՃԻՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԽՈՒՄԲԸ` ՓԵՐՈՒ, ՀԱՍԱՒ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, հիւրընկալ երկիրը` Արժանթին, դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ փենալթիներով` 5-4 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Ուրուկուէյէն:
Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ դիմուի անխուսափելիին` փենալթիներուն: Մրցումին 6-րդ վայրկեանին, Տիեկօ Փերեզ նշանակեց իր կազմին` Ուրուկուէյի կոլը, իսկ Կոնզալօ Հիկուան` Արժանթինի հաւասարութեան կոլը (17-րդ):
Նշենք, որ նախքան երկարաձգումը, իւրաքանչիւր կազմէ մարզիկ մը կարմիր քարտ ստացաւ: Ուրուկուէյէն կարմիր քարտ ստացաւ Տիեկօ Փերեզ (38-րդ), իսկ Արժանթինէն` խմբապետ Խաւիէ Մասքերանօ (87-րդ):
Ինչ կը վերաբերի փենալթիներուն, Ուրուկուէյի բերդապահ Ֆեռնանտօ Միւսլերա յաջողեցաւ իր կազմին յաղթանակ պարգեւել, երբ զսպեց Քարլոս Թեւեզի փենալթին:
Կիսաւարտականին իր տոմսը ապահովեց նաեւ Փերու, որ երկարաձգման ընթացքին յաղթեց Քոլոմպիոյ` 2-0 արդիւնքով: Քարլոս Լոպաթոն (102-րդ) եւ Խուան Վարկաս (112-րդ) նշանակեցին Փերուի երկու կոլերը: Նշենք սակայն, որ Քոլոմպիոյ մարզիկներէն Ռատամել Ֆալքաօ 66-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
Այսպիսով, 28 տարուան երկար սպասումէ մը ետք, Փերու, շնորհիւ իր ուրուկուէյահայ մարզիչին` Սերճիօ Մարգարեանի, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, որուն ընթացքին կը մրցի Ուրուկուէի դէմ: