ԹԵՆԻՍ. ՊՐՈՒՄՄԱՆԱՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱՑԻՆ
Պրումմանայի մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի թենիսի բաժակի 71-րդ մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, շարք մը հայ մարզիկներ, պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն, դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Անոնց կարգին էին Ժան-Փոլ Քաթարճեան, Վարանդ Կոստանեան, Սագօ Ճիմիճեան, Արէն Գամաքեան, Ռաֆայէլ Պապիկեան եւ Մայքըլ Տարօնեան:
Այսօր` երկուշաբթի, 18 յունիսին, մրցաշարքին 8-րդ օրը, մրցումները կը սկսին առաւօտեան ժամը 9:30-ին: Վերջին մրցումը կը սկսի ժամը 19:30-ին:
Նշենք, որ անհատական մրցումներուն կողքին սկսած են նաեւ զոյգի մրցումները:
CATEGORIES Մարզական