Արուեստի Աշխարհէն. Մոնէ Մը` Ճամպրուկի Մը Մէջ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Իր մահէն առաջ Քոռնելիուս Կուրլիթ համաձայնած էր բացայայտել արուեստի այն գործերը, որոնք գողցուած էին:
ՄԻՆՉ ՆԱՑԻԱԿԱՆ ԱՒԱՐ ՄԸ ԺԱՌԱՆԳ ԿԸ ՄՆԱՅ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՄԸ, ԱՆԴԻՆ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԵՆ ՆՈՐ ԱՆՁԵՐ ԱՆԳԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅԷՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
Քլոտ Մոնէի մէկ դաշտանկարը ի յայտ եկած է ճամպրուկի մը մէջ, որ կը պատկանէր վերջերս մահացած արուեստի գործերու աւար մը թաքցուցած Քոռնելիուս Կուրլիթի:
Ճամպրուկը, որ լքուած էր այն հիւանդանոցին մէջ, ուր ապաստանած էր գերմանացի աւարառուն, յանձնուած էր անոր ունեցուածքը տնօրինող վարչութեան:
Վարչութեան պարտականութիւն տրուած էր ստուգել, թէ արդեօք նոր յայտնաբերուած արուեստի գործը Բ. Աշխարհամարտի նացիներու գողօ՞ն մըն էր:
Կուրլիթ, որ մահացաւ մայիսին, 81 տարեկանին, արուեստի 1280 գործերէ բաղկացած հաւաքածոյ մը թաքցուցած էր Միւնիխի իր յարկաբաժինին մէջ:
Քաղաքին իշխանութիւնները զանոնք գրաւած էին 2012-ին, երբ խուզարկած էին անոր բնակարանը` տուրքերէ խուսափելու հետաքննութեան մը ժամանակ: Ի յայտ եկած էին գործեր Փիքասոյէն, Շակալէն եւ Մաթիսէն:
Յայտնաբերումին մանրամասնութիւնները չէին հրապարակուած մինչեւ անցեալ նոյեմբեր:
Ցարդ յայտնի չէ, թէ Կուրլիթ ինչո՛ւ ճամպրուկը ձգած էր հիւանդանոցին մէջ:
Արուեստի գործերու աւարը տնօրինող յանձնախումբին համաձայն, նորագոյն յայտնաբերումը հաւանաբար 1864-ին գծուած բաց կապոյտ բնանկար մըն է թուղթի վրայ: Անիկա նմանութիւններ ունի Մոնէի «Սանթ Ատրեսի տեսարան» գեղանկարին հետ, որ իրագործուած է 1867-ին:
Յուլիսին փոքրաթիւ այլ գործեր ի յայտ եկած էին Կուրլիթի յարկաբաժինէն: Անոնց շարքին էին երկու քանդակներ, որոնք կ՛ենթադրուի, թէ կը պատկանին Ռոտենի եւ Տեկայի:

Մաթիսի «Ֆամ ասիզ»-ը ի յայտ եկած է արուեստի գործերու հաւաքածոյի մը մէջ, որուն արժէքը կը գնահատուի միլիառաւոր եւրոյի:
Կուրլիթ արուեստի գործերու անգին հաւաքածոն ժառանգած էր իր հօրմէն` Հիլտըպրանտէն, որ արուեստի գործերու վաճառական մըն էր եւ կը կատարէր նացիներու կողմէ գրաւուած արուեստի գործերու առուծախ:
Ատոլֆ Հիթլերի հրահանգով Հիլտըպրանտ Կուրլիթ կը վաճառէր այն գործերը, որոնք գրաւուած էին հրեայ ընտանիքներէ կամ կը նկատուէին «այլասերած» արուեստ:
Քոռնելիուս Կուրլիթ արուեստի իր աւարը կտակած է Զուիցերիոյ Քունսթմուզիում Պեռնի: Թանգարանը պէտք է յառաջիկայ ամիսներուն որոշէ, թէ արդեօք պէ՞տք է ընդունի Կուրլիթի կտակը:
Յունիսին հաստատուեցաւ, թէ հաւաքածոյին մաս կազմող Մաթիսի մէկ գեղանկարը գողցուած էր նացիներու կողմէ` 1941-ին: Անիկա կը պատկանէր արուեստի գործերու հրեայ վաճառական Փոլ Ռոզընպըրկի:
Կուրլիթի արուեստի գործերու աւարը տնօրինող յանձնախումբը յայտարարած էր, թէ անիկա պէտք է վերադարձուի Ռոզընպըրկի ժառանգորդներուն:

