Արուեստի Աշխարհէն. Նշտրակին Տակ Վերակենդանացող Ուղեղը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Այլեւս կրնամ շարունակել կեանքս», ըսած է ջութակահարը` վիրահատութենէն ետք:

«Այլեւս կրնամ շարունակել կեանքս», ըսած է ջութակահարը` վիրահատութենէն ետք:

ՏԵՍԵՐԻԶ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐԷ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՄԸ, ԵՐԲ ՆԱԽԿԻՆ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԳՏՆԷ ՆՈՒԱԳԵԼՈՒ ԻՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, ՄԻՆՉ ՎԻՐԱԲՈՒԺՆԵՐ ԿԸ ՎԻՐԱՀԱՏԵՆ ԱՆՈՐ ՈՒՂԵՂԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԵՒ ԿԸ ՑՈՒՑԱԴՐԷ ՏԵՍԵՐԻԶԸ:

Նախկին ջութակահար մը, որուն ասպարէզը վերջ գտած էր շարժումները արգելակող հիւանդութեան մը պատճառով, վերագտած է  նուագելու իր կարողութիւնը, երբ վիրաբուժներ վիրահատած են անոր ուղեղը:

Նաոմի Էլիշուվ նուագած էր շարք մը նուագախումբերու մէջ, ինչպէս` Լիթուանիոյ Ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը, սակայն  ստիպուած էր դադրիլ նուագելէ 20 տարի առաջ, երբ սկսած էր տառապիլ «ընդոստ ցնցում» անունով հիւանդութենէ մը:

Վիրահատութեան ընթացքին, որ կատարուած է միայն մասնակի զգայազրկութեամբ, վիրաբուժները Էլիշուվի թելադրած են նուագել, ինչ որ հաստատած է, թէ անոր ուղեղը կը շարունակէր գործել:

Տեսերիզը կը պատկերէ, թէ ինչպէ՛ս վիրահատութենէն առաջ Էլիշուվ կը պայքարէր` նուագելու համար իր ջութակը, ապա ցոյց կու տայ անոր ուղեղին վիրահատութեան գործընթացը` կերպընկալէ հսկայական վարագոյրի մը ետին:

Հազիւ կ՛աւարտի վիրահատութեան գործընթացը, ջութակահարին մատները կը վերագտնեն իրենց կայունութիւնը եւ ան կը յաջողի 20 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նուագել` առանց որեւէ արգելքի: «Կրնա՛մ հակակշռել մատներս», կը բացագանչէ ան յուզուած:

«Ընդոստ ցնցում»-ը կը կաշկանդէ թեւերն ու ձեռքերը, սակայն նաեւ կրնայ հարուածել գլուխը, դէմքը, ծնօտը, լեզուն եւ ոտքերը: Խանգարումը կը վատթարանայ ժամանակի ընթացքին եւ ամէնէն ծանր պարագային կրնայ անկարութեան մատնել հիւանդը` չափազանց դժուարացնելով անոր առօրեայ շարժումները:

Երբ հիւանդ մը կը հասնի այս հանգրուանին, Էլիշուվի նման կրնայ ենթարկուիլ ուղեղը խթանող վիրահատութեան:

Վիրահատութեան ենթարկուելէ առաջ Էլիշուվ ըսած էր, թէ իր «մեծագոյն սէրը» ջութակ նուագելն էր, եւ թէ` «շատ դժուար» էր» վերջ դնել արհեստավարժ նուագողի իր ասպարէզին եւ փոխարէնը` դառնալ ուսուցիչ, երբ «վարժուած էի նուագել ամբողջ կեանքիս ընթացքին», ինչպէս ըսած էր ան:

«Այլեւս կրնամ շարունակել կեանքս», ըսած է ջութակահարը` Թել Աւիւի մէջ կատարուած վիրահատութենէն ետք:

«Ցաւալի է, որ միայն նոր լսեցի այս բուժումին մասին: Անհամբեր կը սպասեմ վերսկսելու բնականոն կեանքս: Կ՛ուզեմ նուագել, թուղթ մը ստորագրել, թէյ խմել` առանց թափելու», ըսած էր Էլիշուվ` վիրահատութենէն առաջ:

Վիրաբուժները Էլիշուվի ուղեղին մէջ բացած են շատ փոքր ծակ մը եւ անոր ջղային կապերու կեդրոնին մէջ զետեղած են 1.3 մ չափի ելեկտրական հոսանք արտադրող գործիք մը (փէյսմէյքըր): Այս գործիքին միջոցով ելեկտրական հոսանքը հասած է ուղեղին այն մասին, որ պատճառ կը դառնար ընդոստ ցնցումներուն:

Վիրահատութիւնը կատարուած է մասնակի զգայազրկութեամբ: Գործիքը ամէնէն յարմար տեղը զետեղելու համար անհրաժեշտ էր, որ Էլիշուվ մասնակցէր գործընթացին, հետեւաբար վիրաբուժները անոր թելադրած են նուագել վիրահատութեան ընթացքին: Էլիշուվ որեւէ ցաւ չէ զգացած վիրահատութեան ժամանակ, որովհետեւ ուղեղին տուեալ մասերը ցաւ չեն զգար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES